Ինչպէս ծանօթ է, լիբանանցի պասքեթպոլի անուանի եւ փորձառու մարզիչ Ղասսան Սարգիս աւելի քան 15 օրէ ի վեր կը գտնուի հիւանդանոց, ուր բժշկական հոգածութեան կ՛ենթարկուի` նկատի ունենալով, որ ան վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
Անոր բարի ապաքինում մաղթեցին շատեր, որոնց կարգին` Ամալ Պիքֆայա ակումբը, որ յոյս յայտնեց, որ ան կը շրջանցէ այս քիչ մը վտանգաւոր փուլը եւ կը վերադառնայ իր նախկին բնականոն վիճակին:
Վերոնշեալ ակումբին ամբողջ անձնակազմը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ մաղթեց, որ իր կեանքին կէսէն աւելին ամբողջ նուիրումով պասքեթպոլին նուիրած Ղասսան Սարգիս շուտով դուրս գայ հիւանդանոցէն եւ միանայ իր ընտանիքին: