Այսօր` չորեքշաբթի, 24 փետրուարին, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի կատարուին երկու մրցումներ:
Իտալական Աթալանթան իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը, մինչ այլ մրցումի մը ընթացքին, Գերմանիոյ մէջ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Սիթին:
Երկու մրցումներուն ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Վերոնշեալ չորս խումբերուն համար ալ յաղթանակը կը նկատուի կարեւոր` դարձի մրցումին դժուարութեան դէմ յանդիման չգալու համար: