Ճատրակ. Յովհաննէս Գաբուզեան Հանդիսացաւ Հայաստանի Ախոյեան
Նախորդ շաբաթավերջին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ իր աւարտին հասաւ Հայաստանի ճատրակի տղոց բարձրագոյն դասակարգի 2021 տարուան ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Յովհաննէս Գաբուզեան, որ վերջին հանգրուանին սեւ քարերով մրցեցաւ Տիգրան Պետրոսեանի դէմ, յաղթանակ արձանագրելով հանդիսացաւ Հայաստանի 81-րդ ախոյեանը: Գաբուզեան, որ 2017-ին եւս հանդիսացած էր ախոյեան, այս ախոյեանութեան առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովեց 8,5 կէտ: Այսպիսով, ան...




















