Սպանական «ԱՍ» մարզական օրաթերթին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնայի նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածութիւնը առաջադրած Թոնի Ֆրեքսա կը յայտնէ, թէ նախագահ ընտրուելու պարագային, յառաջիկայ տարեշրջանին խումբին հետ ելոյթ պիտի ունենան Քիլիան Մպափէ եւ Էրլինկ Պրոթ Հաալանտ:
Ան նշեց, որ արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացած է ներդրողի մը հետ, որ ակումբին տրամադրութեան տակ պիտի դնէ 250 միլիոն եւրօ:
Ակումբի նախագահի պաշտօնի թեկնածու առաջադրուած են նաեւ Խուան Լափորթա եւ Վիքթոր Ֆոնթ:
Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 7 մարտին:
Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, սպանական այլ կազմ մը` Ռէալ Մատրիտ եւս նոյն այդ երկու ֆութպոլիստներով հետաքրքրուած է:
Նորվեկիացի Հաալանտը (Պորուսիա Տորթմունտ) եւ ֆրանսացի Մպափէն (Փարիզ Սեն Ժերմեն) ձեռք ձգելու համար, արքայական ակումբը ստիպուած պիտի ըլլայ ծախսել 852 միլիոն եւրօ:
Այդքան գումար պիտի պահանջուի, եթէ Ռէալ Մատրիտ 6 տարուան պայմանագրութիւն մը կնքէ երկու ֆութպոլիստներուն հետ:
Անոնց փոխանցումներուն համար Ռէալ պէտք է վճարէ 300 միլիոն եւրօ: 6 տարուան ընթացքին անիկա 21 տարեկան ֆրանսացիին պիտի վճարէ 432 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, իսկ 20 տարեկան նորվեկիացիին` 120 միլիոն եւրօ: