Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ չեղեալ կը նկատէ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:
Վերոնշեալ կազմակերպութիւնը նշեց, որ այս ախոյեանութեան ջնջումը բնականաբար հետեւանք է «Քորոնա» ժահրի համավարակին, որ կը շարունակէ տիրական մնալ աշխարհի տարածքին` խլելով բազմաթիւ մարդոց կեանքերը:
Չեղեալ նկատուեցաւ նաեւ նոյն տարիքային դասաւորման Եւրոպայի աղջկանց ախոյեանութիւնը:
Նշենք, որ առաջին ախոյեանութեան թուական ճշդուած էր 30 յունիսէն 18 յուլիս (Ռումանիա), իսկ աղջկանց մրցաշարքին պարագային` 21 յուլիսէն 2 օգոստոս (Պիելոռուսիա):