Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցող պիչ վոլիպոլի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող եւ Լիբանանը ներկայացնող Ճօ Քազզի-Շաֆիք Սալիպա զոյգը, շարունակելով իր տպաւորիչ ելոյթներու շարքը, յաջողեցաւ ապահովել աւարտական հանգրուաններու իր տոմսը:
Քազզի-Սալիպա զոյգը, իր կատարած վերջին մրցումին, 21-14 եւ 21-14 արդիւնքով յաղթեց թունուզցի զոյգին:
Նշենք, որ աւարտական հանգրուաններուն կը մասնակցին 16 խումբեր:
Այս առիթով Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Քասուֆ շնորհաւորեց զոյգին արձանագրած այս կարեւոր նուաճումը: