60 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ «ՄՈԹՕ-ՃԻ. ՓԻ.» դասակարգի աշխարհի կրկնակի ախոյեան Ֆաուսթօ Կրեսինի, այս մասին յայտնեց «Կրեսինի Ռէյսինկ» խումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անուանի մոթորսիքլեթ քշողը կեանքէն հեռացաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Իտալացին շուրջ 2 ամիս պայքարեցաւ այս հիւանդութեան դէմ:
Ան 1985-ին եւ 1987-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացաւ «Կարելլի» խումբին հետ, իսկ 1994-ին աւարտեց իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ան եղած է նաեւ «Կրեսինի Ռէյսինկ» խումբին հիմնադիրը: