Հայաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին մասնակցող խումբերուն անունները յստակացան, երբ տեղի ունեցան կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները:
Աւարտականին իրարու դէմ կը մրցին նորաստեղծ Վահագնի Սիթին եւ Դուինը, որոնք կիսաւարտականին իրենց կատարած մրցումներուն յաջորդաբար յաղթեցին Ուրարտուին եւ Մետ Ֆոքսին: Այս վերջին երկուքը իրարու դէմ պիտի մրցին երրորդ դիրքի մրցումին:
Ցարդ չէ ճշդուած աւարտական հանգրուանի մրցումին թուականը:
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին այս տարի իրարու դէմ մրցեցան նոր բարձրագոյն դասակարգ բարձրացած Վահագնի Սիթի եւ Մետ Ֆոքսիս: Վերջինս հանդիսացաւ բաժակակիր: