Մարզական

Ճատրակ.  Հրայր Սիմոնեան` Աշոտ Անաստասեանի Յիշատակին  Նուիրուած Հայաստանի Արագ Ճատրակի  Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Ճատրակ. Հրայր Սիմոնեան` Աշոտ Անաստասեանի Յիշատակին Նուիրուած Հայաստանի Արագ Ճատրակի Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ կատարուած Աշոտ Անաստասեանի յիշատակին նուիրուած Հայաստանի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը աւարտեցաւ կրանտմասթըր Հրայր Սիմոնեանի յաղթանակով, որ առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ տիտղոսակիր: 7 կէտ ապահովելով երկրորդ դիրքը գրաւեց Մանուէլ Պետրոսեան, մինչ լաւագոյն եռեակը 6,5 կէտով ամբողջացուց Տիգրան Պետրոսեան: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 48 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 15...

Հայկական Պասքեթպոլ.  «Վահագնի Սիթի» Յաղթեց Նաեւ Երկրորդ Մրցումին

Հայկական Պասքեթպոլ. «Վահագնի Սիթի» Յաղթեց Նաեւ Երկրորդ Մրցումին

Հայաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը եւս աւարտեցաւ «Վահագնի Սիթի»-ի յաղթանակով: Անիկա այս անգամ Դուինին յաղթեց մրցումին վերջին երկվայրկեաններուն` 74-71 արդիւնքով: Այժմ «Վահագնի Սիթի» ընդհանուր հաշուով 3-1 արդիւնքով առաւելութիւն մը ունի Դուինի վրայ: Անոնց միջեւ յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 7 մարտին, Միքա մարզահամալիրին մէջ:    

Ուրարտուի Պատանի Ֆութպոլիստները  Այցելեցին Ալպերթ Ազարեանին

Ուրարտուի Պատանի Ֆութպոլիստները Այցելեցին Ալպերթ Ազարեանին

Ուրարտուի ակադեմիայի 2006 թուականի ծնունդ Ա. խումբին ֆութպոլիստները` գլխաւորութեամբ մարզիչ Վալերի Ալեքսանեանի, այցելեցին մարմնամարզիկ, ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան Ալպերթ Նազարեանի անուան մարզադպրոց` ծանօթանալու մարմնամարզիկին հետ: Պատանի ֆութպոլիստները առիթը ունեցան փորձ կատարելու ախոյեանին հետ, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին, անոնց ցուցադրեց իր ունեցած կարողութիւնները: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան: Նազարեան զրուցեց պատանի ֆութպոլիստներուն հետ, պատասխանեց...

Հայրենի Ըմբիշները Իրենց Վերջին Հաւաքը  Կը Կատարեն` Վարկանշային Մրցաշարքէն Առաջ

Հայրենի Ըմբիշները Իրենց Վերջին Հաւաքը Կը Կատարեն` Վարկանշային Մրցաշարքէն Առաջ

Հայաստանի յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականները Օլիմփիաւանի մէջ սկսան իրենց ուսումնամարզական վերջին հաւաքին, շուտով տեղի ունենալիք վարկանշային մրցաշարքէն առաջ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը: Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի հաւաքականները իրենց մասնակցութիւնը բերին Քիեւի մէջ (Ուքրանիա) տեղի ունեցած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին, ուր տիրացան մէկական ոսկի եւ արծաթ, ինչպէս նաեւ 3 պրոնզ մետալի: Ներկայ դրութեամբ Հայաստանէն երկու ըմբիշներ` Կարապետ...

Նշանառութիւն.  Լիբանանցի Ռէյ Պասիլ Հանդիսացաւ  4-րդ` Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Նշանառութիւն. Լիբանանցի Ռէյ Պասիլ Հանդիսացաւ 4-րդ` Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ անցնող քանի մը օրերուն տեղի ունեցաւ աշխարհի նշանառութեան բաժակի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն եկած փորձառու երկսեռ նշանառուներու: Ռէյ Պասիլ, անգամ մը եւս եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը, երբ իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ գրաւեց 4-րդ պատուաբեր դիրքը: Առաջինէն երրորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Ռուսիոյ, Սպանիոյ եւ Ռուսիոյ  ներկայացուցիչները: Նշենք, որ Ռէյ Պասիլ արդէն իսկ բաւական առաջ...

Դահուկարշաւ.  Լիբանանի Կրտսերներու  Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Պուլկարիա

Դահուկարշաւ. Լիբանանի Կրտսերներու Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Պուլկարիա

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 մարտին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Պուլկարիա մեկնեցաւ Լիբանանի դահուկարշաւի կրտսերներու պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի ազգային խումբերու նախագահ Ռոպեր Քէյրուզ: Լիբանանցի մարզիկներն են Անթոնի Մրատ եւ Զիատ Շեհապ` իրենց մարզիչ ունենալով` Եան Եաքուպքոն (Սլովաքիա): Նշենք, որ աւելի ուշ Պուլկարիոյ մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան պիտի միանան Թալա Սըմահա եւ Թամարա Խալաֆ:  

Ճատրակ.  Ախոյեանութեան Մրցանակակիրները  Պարգեւատրուեցան

Ճատրակ. Ախոյեանութեան Մրցանակակիրները Պարգեւատրուեցան

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 մարտին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ճատրակի 2021 տարուան ախոյեանութեան մրցանակակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Ինչպէս ծանօթ է, տղոց ախոյեան հանդիսացաւ կրանտմասթըր Յովհաննէս Գաբուզեան, իսկ աղջկանց ախոյեան` Սուսաննա Գաբոյեան: Նշենք, որ մրցանակաբաշխութենէն ետք, Սերժ Սարգսեան լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով եւ անդրադառնալով Լեւոն Արոնեանի առած քայլին, ըսաւ. «Ես բացարձակապէս որեւէ ձեւով...

Ողիմպիական Խաղերու Վարկանշային Մրցաշարքը  Լոնտոնի Փոխարէն Տեղի Պիտի Ունենայ Փարիզի Մէջ

Ողիմպիական Խաղերու Վարկանշային Մրցաշարքը Լոնտոնի Փոխարէն Տեղի Պիտի Ունենայ Փարիզի Մէջ

Լոնտոնի մէջ անաւարտ մնացած կռփամարտի մրցաշարքը, որ վարկանշային է ողիմպիականի խաղերուն համար, պիտի շարունակուի` Փարիզի մէջ, 4-8 յունիսին, այս մասին յայտնեց կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնը: Հայաստանի կռփամարտ ֆետերասիոնը այս լուրին ի տես յայտնեց, որ հայրենի կռփամարտիկները լաւագոյնս պիտի նախապատրաստուին` լաւ արդիւնքներ արձանագրելու, եւ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեն` ողիմպիականի տոմս ապահովելու համար: Ցարդ Հայաստան կրցած է ողիմպիականի միայն մէկ տոմս...

Հայկական Պասքեթպոլ.  Վահագնի Սիթին Յաղթեց Դուինի`  Աւարտականի Առաջին Մրցումին

Հայկական Պասքեթպոլ. Վահագնի Սիթին Յաղթեց Դուինի` Աւարտականի Առաջին Մրցումին

Հայաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին իրարու դէմ մրցեցան Վահագնի Սիթին եւ Դուինը: Նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Վահագնի Սիթին յաղթեց 106-93 արդիւնքով: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Դուինէն Ճորտըն Ուաթսըն (37 կէտ): Աւարտականի յաղթականը կը յստականայ, երբ խումբերէն մէկը արձանագրէ չորս յաղթանակ: Անոնց միջեւ յաջորդ հանդիպումը պիտի կատարուի, այսօր` հինգշաբթի, դարձեալ համակիրներու ներկայութեան:

Վարդենիս Քաղաքին Մէջ Բացուեցաւ  Կռփամարտի Նոր Կեդրոն

Վարդենիս Քաղաքին Մէջ Բացուեցաւ Կռփամարտի Նոր Կեդրոն

Հայրենի մարզական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս քաղաքին մէջ բացուեցաւ կռփամարտի գերժամանակակից մարզասրահ: Այս մարզասրահը կառուցուեցաւ Վարդենիսի համայնքապետարանի թափած ճիգերուն շնորհիւ: Նշուեցաւ, որ համաձայն Ակունք, Լուսակունք, Գեղամասար, Ծովակ, Մեծ Մասրիկ համայնքներուն հետ կնքուած միջհամայնքային համագործակցութեան, նորաբաց մարզասրահին մէջ պիտի մարզուին Վարդենիսի եւ վերոնշեալ համայնքներուն 6-18 տարեկան երեխաները: Անոնց մարզումը տեղի պիտի ունենայ բարձր մակարդակ ունեցող մարզիչներու կողմէ:

Արշակ Կորեան Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Արշակ Կորեան Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Արշակ Կորեան երեքշաբթի օր վերսկսաւ իր փորձերուն իր ակումբին` Խիմքիի հետ, յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մկանային վնասուածքի պատճառով, 25 տարեկան ֆութպոլիստը իր ակումբին կատարած վերջին երկու մրցումներէն բացակայած էր: Նշենք, որ հայրենի ֆութպոլիստը, որ Հայաստանի հաւաքականին հետ իր նորամուտը նշեց նախորդ տարի, Ռուսիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած է 11 մրցումի եւ նշանակած...

«Փրեմիեր Լիկ».  Այսօր` Լիվըրփուլ-Չելսի  Ետաքրքրական Ճակատում

«Փրեմիեր Լիկ». Այսօր` Լիվըրփուլ-Չելսի Ետաքրքրական Ճակատում

Անգլիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Լիվըրփուլ, «Փրեմիեր Լիկ»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ լոնտոնեան Չելսին, բաւական հետաքրքրական եւ տաք մրցումի մը ընթացքին: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:15-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ինչպէս ծանօթ է, Լիվըրփուլ այն կազմը չէ, ինչ որ էր նախորդ տարեշրջանին, երբ մեծ եւ հաստատ քայլերով տիրացաւ ախոյեանութեան տիտղոսին: Լիվըրփուլ (այժմ 7-րդ), որ ցարդ...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Մանչեսթըր Սիթի Կրկնեց Արսենալի  22 Տարուան Մրցանիշը

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Կրկնեց Արսենալի 22 Տարուան Մրցանիշը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Սիթի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Վուլվզին: Ասիկա Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմին համար եղաւ 19-րդ յաջորդական յաղթանակը` ախոյեանութեան մրցումներուն գծով: Մանչեսթըրեան կազմը այսպիսով կրկնեց լոնտոնեան Արսենալի հաստատած մրցանիշը, որ 1998-1999 տարեշրջանին արձանագրած էր այսպիսի արդիւնք մը: Նշենք նաեւ, որ Մանչեսթըր Սիթի արձանագրեց իր 21-րդ...

Ինթեր Միլանին Կը Սպառնայ  50 Միլիոն Եւրօ Տուգանք

Ինթեր Միլանին Կը Սպառնայ 50 Միլիոն Եւրօ Տուգանք

Իտալական հանրածանօթ մարզական օրաթերթերէն «Քորիերէ Տելլօ Սփոր» կը հաղորդէ, որ Ինթեր Միլանին կը սպառնայ 50 միլիոն եւրօ տուգանք: Տուգանքին պատճառը պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքուի փոխանցման պայմանագիրով նախատեսուած 5 միլիոն եւրօ յաւելավճարը չվճարելն է անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին: Ինթեր Միլան, որ 2019-ի ամրան 74 միլիոն եւրօ վճարելով ձեռք ձգեց ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը, նախատեսուած ժամկէտին 5 միլիոն եւրոյի այդ յաւելավճարին վճարումը չկատարեց: Մանչեսթըր Եունայթըտ,...

«Եւրօ-2020».  Անգլիոյ Վարչապետը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին  Առաջարկեց Մրցաշարքը Կայացնել Անգլիոյ Մէջ

«Եւրօ-2020». Անգլիոյ Վարչապետը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին Առաջարկեց Մրցաշարքը Կայացնել Անգլիոյ Մէջ

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, երկրին վարչապետը` Պորիս Ճոնսըն, «Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ին առաջարկեց «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի բոլոր մրցումները կատարել Անգլիոյ մէջ: «Մենք պատրաստ ենք հիւրընկալելու նախատեսուածէն աւելի շատ մրցումներ, այսինքն` կրնանք ըսել` մրցաշարքին բոլոր հանդիպումները», ըսաւ Անգլիոյ վարչապետը: Նշուեցաւ, որ Անգլիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակին դէմ պատուաստումի բաւական դրական արդիւնքը, կրնայ նպաստել այդ հոլովոյթին: Համավարակին պատճառով Եւրոպայի...

«Էն. Պի. Էյ. »  Լեպրոն Ճէյմս Նշանակեց 38 Կէտ,  Բայց Լէյքըրզ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ. » Լեպրոն Ճէյմս Նշանակեց 38 Կէտ, Բայց Լէյքըրզ Պարտուեցաւ

Երէկ` չորեքշաբթի, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան վեց մրցումներ, մինչ Թորոնթօ Ռեփթըրզ-Տիթրոյիթ Փիսթընզ մրցումը յետաձգուեցաւ: Երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Ֆէոնիքս Սանզը, անկէ կրեց 114-104 արդիւնքով պարտութիւն մը: Լէյքըրզէն 38 կէտ նշանակեց Լեպրոն Ճէյմս: Միլուոքիի մէջ Պաքս 128-97 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Տենվըր Նակեթցէն: Յաղթական կազմէն թրիփըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ Նիքոլա Եոքիչ...

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնը  Կը Շարունակէ Իր Առցանց Հանդիպումները`  Մարզիկներուն Ծնողներուն Հետ

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնը Կը Շարունակէ Իր Առցանց Հանդիպումները` Մարզիկներուն Ծնողներուն Հետ

Լիբանանի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, կը շարունակէ սառեցնել մարզական գրեթէ բոլոր տեսակի միջոցառումները: Հակառակ ասոր սակայն, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կը շարունակէ իր առցանց հանդիպումները խաղացողներուն ծնողներուն հետ` այս ձեւով փորձելով ֆետերասիոն-մարզիկներ-ծնողներ կապը պահել ամուր: Ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ, ինչպէս նաեւ այլ անդամներ, իրենց վերջին առցանց հանդիպումը ունեցան 16 տարեկանէն վար մարզիկներուն ծնողներուն հետ: Խօսուեցաւ մարզիկներու մօտալուտ մարզադաշտ...

Դահուկարշաւ.  Լիբանանցի Էլի Թոք Ապահովեց 2022-ի Ձմեռնային  Ողիմպիական Խաղերուն Իր Տոմսը

Դահուկարշաւ. Լիբանանցի Էլի Թոք Ապահովեց 2022-ի Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերուն Իր Տոմսը

Երէկ Գերմանիայէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի դահուկարշաւի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք աղջկանց 5 քմ-ի, տղոց 10 քմ-ի եւ խառն 1,2 քմ-ի մրցումներուն: Լիբանանցի Էլի Թոք (2002-ի ծնունդ) լիբանանեան բաւական կարեւոր իրագործում մը կատարեց եւ 54-րդ դիրքը գրաւելուն շնորհիւ ապահովեց Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը: Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը այս առիթով շնորհաւորեց բոլորը` այս կարեւոր...

Ըմբշամարտ.  Հայրենի Ըմբիշները  Տիրացան 5 Մետալի`  Քիեւի Միջազգային Մրցաշարքին

Ըմբշամարտ. Հայրենի Ըմբիշները Տիրացան 5 Մետալի` Քիեւի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականները իրենց ելոյթները աւարտեցին Քիեւի (Ուքրանիա) միջազգային մրցաշարքին, որ անոնց համար եղաւ 2021 տարուան առաջին մրցաշարքը: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 35 երկիրներէ շուրջ 600 ըմբիշներ: Հայաստանի ներկայացուցիչները յաջողեցան տիրանալ 5 մետալի (1 ոսկի, 1 արծաթ եւ 3 պրոնզ): Ոսկի մետալի տիրացաւ Մալխաս Ամոյեան (72 քկ), արծաթ մետալի` Կարապետ Չալեան (82 քկ), մինչ պրոնզէ...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը  Մեկնեցաւ Վրաստան

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Վրաստան

Երէկ` երեքշաբթի, 2 մարտին, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս, ուր հինգշաբթի, 4 մարտին մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ, Եւրօ-2022-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս մրցումին համար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեան նկատի առաւ հետեւեալ մարզիկները. Լուան Պարպոսա, Ռոպերթ Պոյարքին, Սարօ Գալստեան, Գարեգին Մաշումեան, Համլեթ Մանուկեան, Սարգիս Մարգարեան,...

Page 531 of 1279 1 … 530 531 532 … 1,279

Արխիւներ