Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ անցնող քանի մը օրերուն տեղի ունեցաւ աշխարհի նշանառութեան բաժակի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն եկած փորձառու երկսեռ նշանառուներու:
Ռէյ Պասիլ, անգամ մը եւս եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը, երբ իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ գրաւեց 4-րդ պատուաբեր դիրքը:
Առաջինէն երրորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Ռուսիոյ, Սպանիոյ եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ Ռէյ Պասիլ արդէն իսկ բաւական առաջ ապահոված էր Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերու իր տոմսը:



