Լիբանանի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, կը շարունակէ սառեցնել մարզական գրեթէ բոլոր տեսակի միջոցառումները:
Հակառակ ասոր սակայն, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կը շարունակէ իր առցանց հանդիպումները խաղացողներուն ծնողներուն հետ` այս ձեւով փորձելով ֆետերասիոն-մարզիկներ-ծնողներ կապը պահել ամուր:
Ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ, ինչպէս նաեւ այլ անդամներ, իրենց վերջին առցանց հանդիպումը ունեցան 16 տարեկանէն վար մարզիկներուն ծնողներուն հետ:
Խօսուեցաւ մարզիկներու մօտալուտ մարզադաշտ վերադարձին մասին, սակայն բնականաբար ոչ ներկայ հանգրուանին:



