Լոնտոնի մէջ անաւարտ մնացած կռփամարտի մրցաշարքը, որ վարկանշային է ողիմպիականի խաղերուն համար, պիտի շարունակուի` Փարիզի մէջ, 4-8 յունիսին, այս մասին յայտնեց կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնը:
Հայաստանի կռփամարտ ֆետերասիոնը այս լուրին ի տես յայտնեց, որ հայրենի կռփամարտիկները լաւագոյնս պիտի նախապատրաստուին` լաւ արդիւնքներ արձանագրելու, եւ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեն` ողիմպիականի տոմս ապահովելու համար:
Ցարդ Հայաստան կրցած է ողիմպիականի միայն մէկ տոմս ապահովել այս մարզաձեւին մէջ, այդ ալ շնորհիւ Կորիւն Սողոմոնեանի (52 քկ):
Նշենք, որ նախորդ 24 մարտին յետաձգուած Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ողիմպիականի ամառնային խաղերը պիտի կատարուին այս տարի, 23 յուլիսէն 8 օգոստոսին, պահելով իրենց անուանումը` Թոքիօ-2020: