Անգլիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Լիվըրփուլ, «Փրեմիեր Լիկ»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ լոնտոնեան Չելսին, բաւական հետաքրքրական եւ տաք մրցումի մը ընթացքին:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:15-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինչպէս ծանօթ է, Լիվըրփուլ այն կազմը չէ, ինչ որ էր նախորդ տարեշրջանին, երբ մեծ եւ հաստատ քայլերով տիրացաւ ախոյեանութեան տիտղոսին:
Լիվըրփուլ (այժմ 7-րդ), որ ցարդ ապահոված է 43 կէտ, բաւական ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթիէն, որ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 65 կէտ, կ’ուղղուի դէպի տիտղոս: