Ուրարտուի ակադեմիայի 2006 թուականի ծնունդ Ա. խումբին ֆութպոլիստները` գլխաւորութեամբ մարզիչ Վալերի Ալեքսանեանի, այցելեցին մարմնամարզիկ, ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան Ալպերթ Նազարեանի անուան մարզադպրոց` ծանօթանալու մարմնամարզիկին հետ:
Պատանի ֆութպոլիստները առիթը ունեցան փորձ կատարելու ախոյեանին հետ, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին, անոնց ցուցադրեց իր ունեցած կարողութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան:
Նազարեան զրուցեց պատանի ֆութպոլիստներուն հետ, պատասխանեց անոնց հարցումներուն, պատմեց անուանի «Ազարեանական խաչ» անուանումը ստացած վարժութիւններու շարքին մասին, ինչպէս նաեւ խոստացաւ մօտիկ ապագային ներկայ գտնուիլ «Ուրարտու-1-06» խումբին կատարելիք մրցումներէն մէկուն:
Հանդիպումին աւարտին Ալեքսանեան Ուրարտուի յատուկ մարզաշապիկ մը նուիրեց Ազարեանին: