Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Սիթի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Վուլվզին:
Ասիկա Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմին համար եղաւ 19-րդ յաջորդական յաղթանակը` ախոյեանութեան մրցումներուն գծով:
Մանչեսթըրեան կազմը այսպիսով կրկնեց լոնտոնեան Արսենալի հաստատած մրցանիշը, որ 1998-1999 տարեշրջանին արձանագրած էր այսպիսի արդիւնք մը:
Նշենք նաեւ, որ Մանչեսթըր Սիթի արձանագրեց իր 21-րդ յաջորդական յաղթանակը բոլոր մրցաշարքերուն ըմթացքին, ինչ որ մրցանիշ մը կը նկատուի անգլիական խումբերուն համար: