Հայաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին իրարու դէմ մրցեցան Վահագնի Սիթին եւ Դուինը:
Նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Վահագնի Սիթին յաղթեց 106-93 արդիւնքով: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Դուինէն Ճորտըն Ուաթսըն (37 կէտ):
Աւարտականի յաղթականը կը յստականայ, երբ խումբերէն մէկը արձանագրէ չորս յաղթանակ:
Անոնց միջեւ յաջորդ հանդիպումը պիտի կատարուի, այսօր` հինգշաբթի, դարձեալ համակիրներու ներկայութեան: