Մարզական

Ժիւտօ.  Ֆերտինանտ Կարապետեան Պրոնզէ  Մետալակիր` Ուզպեքիստանի Մէջ

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան Պրոնզէ Մետալակիր` Ուզպեքիստանի Մէջ

Հայաստանի ժիւտոյի ազգային հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր (73 քկ), Ուզպեքիստանի մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի «Մեծ սաղաւարտ»-ի միջազգային մրցաշարքին: Իր արձանագրած երկու յաղթանակներէն ետք, ան քառորդ աւարտականին յաղթեց ազրպէյճանցի Ռուսթամ Օրուճովի: Ապա ան կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին, պարտութիւն մը կրեց, որմէ ետք պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին յաղթեց ֆրանսացի Չէյն Կիեմի: Նշենք, որ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն համար...

Հայկական Պասքեթպոլ.  Դուին Կրճատեց Արդիւնքը` 3-2-ի

Հայկական Պասքեթպոլ. Դուին Կրճատեց Արդիւնքը` 3-2-ի

Հայաստանի պասքեթպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ճակատումներուն ծիրին մէջ, երէկ դարձեալ իրարու դէմ մրցեցան Վահագնի Սիթի եւ Դուին: Միքա մարզահամալիրին մէջ կատարուած երէկուան այս մրցումին, գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Կէօքճեանի գլխաւորած կազմը` Դուին, 85-75 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը կրճատել 3-2-ի, բնականաբար ի նպաստ Վահագնի Սիթիին: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց յաղթական կազմէն Տիմիթրիուս Լեւարիթի (30 կէտ): Յաղթականը կը...

Աթլեթիզմ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Լեւոն Աղասեան Հանդիսացաւ 5-րդ

Աթլեթիզմ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Լեւոն Աղասեան Հանդիսացաւ 5-րդ

Հայաստանի աթլեթիզմի ազգային հաւաքականի անդամ Լեւոն Աղասեան Եւրոպայի ձմեռնային ախոյեանութեան մրցումներուն գրաւեց 5-րդ դիրքը: Տղոց երեք քայլ ոստումի մրցումներուն, Կապանը ներկայացնող Աղասեան արձանագրեց 16,77 մեթր արդիւնք մը: Առաջին դիրքը գրաւեց Փորթուգալի ներկայացուցիչը, որ արձանագրեց 17,30 մեթր արդիւնք մը: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան մասնակցեցաւ երկու մարզիկով. Լեւոն Աղասեան եւ Ալեքս Տօնիկեան (վազք):

Գէորգ Ղազարեան Ֆութպոլի Դաշտերը  Կը Վերադառնայ Շուրջ 1 Ամիսէն

Գէորգ Ղազարեան Ֆութպոլի Դաշտերը Կը Վերադառնայ Շուրջ 1 Ամիսէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան ֆութպոլի դաշտերը կը վերադառնայ շուրջ մէկ ամիս ետք, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Նախնական տուեալներով, անոր վերականգնման համար կը պահանջուի 3-4 ամիս: Լամիային մաս կազմող ֆութպոլիստը վիրաւորուեցաւ ՓԱՈՔ-ի դէմ տեղի ունեցած Յունաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին գծով տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին: Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը յունական ակումբին հետ նախատեսուած...

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըրեան Տերպին Աւարտեցաւ  Եունայթըտի Յաղթանակով. Լիվըրփուլ Դարձեալ Պարտուեցաւ

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըրեան Տերպին Աւարտեցաւ Եունայթըտի Յաղթանակով. Լիվըրփուլ Դարձեալ Պարտուեցաւ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, իրարու դէմ ճակատեցան Մանչեսթըր Սիթի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ: Մանչեսթըրեան այս տերպիի մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` Եունայթըտի յաղթանակով, 2-0 արդիւնքով: 11-րդ վայրկեանին փորթուգալցի միջնապահ Պրունօ Ֆերնանտես փենալթիով նշանակեց Եունայթըտի առաջին կոլը: Իսկ 50-րդ վայրկեանին, անգլիացի յետսապահ Լիւք Շօ արդիւնքը վերածեց 2-0-ի: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Մանչեսթըր Եունայթըտ (2-րդ) իր եւ պարագլուխի դիրքին...

Սպանական Ֆութպոլ.  Մատրիտեան Տերպիի Մրցումը Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ , Պարսելոնա Յաղթեց Օսասունային. Մեսսի Կատարեց 2 Էսիսթ

Սպանական Ֆութպոլ. Մատրիտեան Տերպիի Մրցումը Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ , Պարսելոնա Յաղթեց Օսասունային. Մեսսի Կատարեց 2 Էսիսթ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 26-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, իրարու դէմ մրցեցան մայրաքաղաք Մատրիտի երկու կազմերը` Աթլեթիքօ եւ Ռէալ: Մատրիտեան այս տերպիի մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը: 15-րդ վայրկեանին Աթլեթիքոյի կոլը նշանակեց, քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ: Սակայն հիւր կազմը` Ռէալ, պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ մրցումին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ, ֆրանսացի Քարիմ Պենզեմա նշանակեց իր կազմին` Ռէալի...

Իտալական Ֆութպոլ.  Ա. Սէ. Միլան, Եուվենթուս Եւ Ա. Էս. Ռոմա` Յաղթական

Իտալական Ֆութպոլ. Ա. Սէ. Միլան, Եուվենթուս Եւ Ա. Էս. Ռոմա` Յաղթական

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, յիշատակելի որեւէ անակնկալ արդիւնք չարձանագրուեցաւ 2-րդէն 4-րդ դիրքերը գրաւող խումբերուն համար` նկատի ունենալով, որ Ա. Սէ. Միլան (2-րդ), Եուվենթուս (3-րդ) եւ Ա. Էս. Ռոմա (4-րդ) յաղթանակներ արձանագրեցին: Ա. Սէ. Միլան, որ հիւրը եղաւ Հելաս Վերոնային, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Լացիօ Ռոման, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն տուպլէ...

Գերմանական Ֆութպոլ.  Պայէրն Միւնիխ 4-2 Արդիւնքով Յաղթեց  Պորուսիա Տորթմունտին

Գերմանական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխ 4-2 Արդիւնքով Յաղթեց Պորուսիա Տորթմունտին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 24-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած գագաթի ճակատումին, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Պորուսիա Տորթմունտը, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն հեթրիք մը իրագործեց լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (26-րդ, 44-րդ` փենալթիով եւ 90-րդ): Իսկ Տորթմունտէն, տուպլէ մը իրագործեց նորվեկիացի Էրլինկ Պրոթ-Հաալանտ (2-րդ եւ 9-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Պայէրն 55...

Պայէրն Միւնիխի Բերդապահը Կրնայ  Տեղափոխուիլ Ֆրանսա

Պայէրն Միւնիխի Բերդապահը Կրնայ Տեղափոխուիլ Ֆրանսա

Գերմանական «Քիքըր» մարզաթերթին համաձայն, շատ հաւանական է, որ Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Ալեքսանտր Նուպել իր կազմը լքելով տեղափոխուի Ֆրանսա եւ միանայ Մոնաքոյի: Միւնիխեան ակումբը դէմ չէ այս քայլին` նկատի ունենալով, որ ան ընդհանրապէս մրցումներուն իր մասնակցութիւնը չի բերեր: Ան այս տարեշրջանին Պայէրնի հետ կատարեց 2 մրցում միայն:

Ժերար Փիքէ Դարձեալ Վնասուածք Ստացաւ

Ժերար Փիքէ Դարձեալ Վնասուածք Ստացաւ

Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ վնասուածք ստացաւ Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումին: Սպանացի 34 տարեկան ֆութպոլիստը մրցումէն ետք բժշկական քննութիւններու ենթարկուեցաւ: Ի յայտ եկաւ, որ ան ստացած է աջ ծնկայօդի վնասուածք, յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը` ճշգրիտ թուական մը չտալով անոր ապաքինման ժամանակամիջոցին մասին: Նշենք, որ ան այս տարեշրջանի սկզբնաւորութեան վիրաւորուելով, երեք ամիսով բացակայած էր...

Ա. Էս. Ռոմա Երկարաձգեց 22 Տարեկան  Իպանեսի Պայմանագրութիւնը

Ա. Էս. Ռոմա Երկարաձգեց 22 Տարեկան Իպանեսի Պայմանագրութիւնը

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը երկարաձգեց իր կնքած պայմանագրութիւնը իր պրազիլցի յետսապահին` Ռոժէ Իպանեսի հետ, մինչեւ յունիս 2025: 2020-ին Աթալանթայէն Ա. Էս. Ռոմայի միացած Իպանես այս պայմանագրութեան երկարաձգումէն ետք յայտարարեց, որ կատարուածը իրեն համար մեծ նշանակութիւն մը ունեցաւ, եւ ինք իր կարելին պիտի ընէ իր առաւելագոյնը տալու իր ակումբին:

Մարքոս Փիցելլի` Հարաւային Ամերիկայի Մէջ  Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Դեսպան

Մարքոս Փիցելլի` Հարաւային Ամերիկայի Մէջ Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Դեսպան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Մարքոս Փիցելլի նշանակուեցաւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի դեսպան: 36 տարեկան ֆութպոլիստը այս նշանակումէն ետք յայտարարեց, որ ինքզինք շատ երջանիկ կը զգայ, որ անգամ մը եւս օգտակար պիտի դառնայ հայկական ֆութպոլին: Ան ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու համար Հարաւային Ամերիկայի...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը  Պարտուեցաւ Վրաստանէն

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Պարտուեցաւ Վրաստանէն

«Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ի «Եւրօ-2022»-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ Թիֆլիսի մէջ հիւրը եղաւ Վրաստանի, անկէ կրեց 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը: Իր կրած այս պարտութենէն ետք, այժմ Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմը միայն կէտով մը կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը: Վրաստան ունի 4 կէտ: Այսպիսով, հայրենի կազմը կրեց մրցաշարքի...

Եւրոպական Ֆութրոլ.  Վաղը` Մանչեսթըր Եւ Մատրիտ Քաղաքներու  Տերպիի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութրոլ. Վաղը` Մանչեսթըր Եւ Մատրիտ Քաղաքներու Տերպիի Մրցումները

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը զօրաւոր եւ տաք ճակատումներ: Անգլիոյ մէջ, գագաթի ճակատումը վաղը իրարու դէմ պիտի հանէ Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը, ուր մանչեսթըրեան տերպիի մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին Սիթի եւ Եունայթըտ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 18:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Սպանիոյ մէջ, դարձեալ տերպիի մրցումին, վաղը իրարու դէմ պիտի մրցին...

Արարատ-Արմենիայի Գլխաւոր Մարզիչի  Պարտականութիւնները  Պիտի Կատարէ Արմէն Ադամեան

Արարատ-Արմենիայի Գլխաւոր Մարզիչի Պարտականութիւնները Պիտի Կատարէ Արմէն Ադամեան

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ-Արմենիա իր յաջորդ մրցումները պիտի կատարէ` Արմէն Ադամեանի գլխաւորութեամբ, նշուեցաւ ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: 53 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը նախապէս գլխաւորած է Ալաշկերտը, Լոռին եւ շարք մը այլ ակումբներ: Նշուեցաւ, որ սպանացի Տաւիտ Քանփանիա, որ երեւանեան ակումբը կը գլխաւորէ  2020-էն ի վեր, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզեց իր պայմանագրութիւնը: Անոր հետ Արարատ-Արմենիա կատարեց 18 մրցում, արձանագրեց 8 յաղթանակ,...

«Թոքիօ-2020».  Արտասահմանցի Համակիրներուն Ներկայութեան Գծով  Որոշում Մը Պիտի Տրուի Այս Ամսուան Կէսէն Ետք

«Թոքիօ-2020». Արտասահմանցի Համակիրներուն Ներկայութեան Գծով Որոշում Մը Պիտի Տրուի Այս Ամսուան Կէսէն Ետք

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին, արտասահմանցի հանդիսատեսներուն ներկայութեան գծով որոշում մը պիտի տրուի այս ամսուան կէսէն ետք: Նշուեցաւ, որ անոր կազմակերպիչ յանձնախումբը նախ որոշում պիտի տայ, թէ որքա՞ն պիտի ըլլան տեղացի համակիրները, ապա պիտի յստականայ օտար երկիրներէ ժամանելիք հանդիսատեսներուն թիւը: Կը կարծուի, որ ողիմպիական ջահին փոխանցավազքէն ետք (25 մարտ) այս գծով յստակ...

Արշակ Կորեան Իր Պայմանագրութիւնը  Երկարաձգեց Խիմքիի Հետ

Արշակ Կորեան Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Խիմքիի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 25 տարեկան միջնապահ Արշակ Կորեան երէկ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին հետ: Ան 2018-ին Լոքոմոթիւ Մոսկուայէն միացաւ Խիմքիի: Ռուսիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան ան իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 11 մրցում եւ նշանակած 4 կոլ:  

Պարսելոնա Իր Կազմին Կ’ուզէ  Միացնել Կապրիել Ժեզուսը

Պարսելոնա Իր Կազմին Կ’ուզէ Միացնել Կապրիել Ժեզուսը

Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Կապրիել Ժեզուս կը մտադրէ այս ամրան փոխել իր ակումբը: Նշուեցաւ, որ 23 տարեկան ֆութպոլիստը ձեռք ձգելու փափաք ունի քաթալոնական Պարսելոնա, այս մասին կը յայտնէ «Մունտօ Տեփորթիւօ»: Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 65 միլիոն եւրօ գումարով մը: Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմին` Սիթիի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023: Ան այս տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Նախկին  Ֆութպոլիստը Ձերբակալուեցաւ  Եւ Բանտարկութեան Վճիռ Ստացաւ

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Նախկին Ֆութպոլիստը Ձերբակալուեցաւ Եւ Բանտարկութեան Վճիռ Ստացաւ

Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի, Ինթեր Միլանի եւ Փարմայի նախկին ֆութպոլիստ Լուիճի Սարթոր նախանցեալ օր ձերբակալուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ եւ ապա 14 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ «Մարիխուանա» աճեցնելու յանցանքով: Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յետսապահը Փարմա քաղաքին մէջ գտնուող իր արտին մէջ «Մարիխուանա»-ի 106 ծառ տնկած էր: Ան պիտի մնայ տնային կալանքի տակ: Ան դատարանէն խնդրած էր կամաւորական աշխատանք կատարել վերականգնողական կեդրոններէն մէկուն...

Վազգէն Մանուկեանի Կոչը` Լեւոն Արոնեանին

Վազգէն Մանուկեանի Կոչը` Լեւոն Արոնեանին

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան կոչով մը դիմեց հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանին: Իր կոչին մէջ Մանուկեան նշեց. «Սիրելի՛ Լեւոն: Ցաւով կարդացի կատարած յայտարարութիւնդ` Հայաստանէն հեռանալու եւ մարզական արհեստավարժ ասպարէզդ շարունակելու` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հայաստանը միշտ հպարտ եղած է քեզմով եւ դուն եղած ես բոլորիս պարծանքն ու ոգեշնչման աղբիւրը հազարաւոր պատանիներու եւ երիտասարդներու համար: Քու շնորհիւդ հայկական...

Page 530 of 1279 1 … 529 530 531 … 1,279

Արխիւներ