Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, երկրին վարչապետը` Պորիս Ճոնսըն, «Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ին առաջարկեց «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի բոլոր մրցումները կատարել Անգլիոյ մէջ:
«Մենք պատրաստ ենք հիւրընկալելու նախատեսուածէն աւելի շատ մրցումներ, այսինքն` կրնանք ըսել` մրցաշարքին բոլոր հանդիպումները», ըսաւ Անգլիոյ վարչապետը:
Նշուեցաւ, որ Անգլիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակին դէմ պատուաստումի բաւական դրական արդիւնքը, կրնայ նպաստել այդ հոլովոյթին:
Համավարակին պատճառով Եւրոպայի այս ախոյեանութիւնը յետաձգուեցաւ 11 յունիսէն 11 յուլիս 2021:
Սկզբունքով անիկա առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենար նախորդ տարի, եւրոպական 12 քաղաքներու մէջ: