Մարզական

Թենիս.  Խաչանով Եւ Գասպարեան Յաղթանակներ  Արձանագրեցին Տարբեր Մրցաշարքերու Մեկնարկին

Թենիս. Խաչանով Եւ Գասպարեան Յաղթանակներ Արձանագրեցին Տարբեր Մրցաշարքերու Մեկնարկին

Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ռոթերտամի (Նետերլանտներ) «Էյ. Թի. Փի.-500»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ Ա. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրինքայի դէմ: Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 1,1 միլիոն եւրօ: Յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ նաեւ ռուսահայ այլ մարզիկ մը` Մարկարիթա Գասպարեան, որ Լիոնի...

Մահացաւ Լիվըրփուլի Նախկին Անուանի  Ֆութպոլիստ Իան Սենթ-Ճոն

Մահացաւ Լիվըրփուլի Նախկին Անուանի Ֆութպոլիստ Իան Սենթ-Ճոն

Լիվըրփուլի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի նախկին անուանի ֆութպոլիստ Իան Սենթ-Ճոն երէկ մահացաւ 82 տարեկան հասակին: Լիվըրփուլ ցաւակցութիւն յայտնեց սկովտիացի նախկին ֆութպոլիստին ընտանիքին եւ անոր հարազատներուն: Ան Լիվըրփուլի շապիկը կրած է 1961-1971 ժամանակամիջոցին: Անգլիական ակումբին հետ ան կատարած է 425 մրցում` նշանակելով 112 կոլ:  

«Քալչիօ».  Լացիօ Ռոմա-Թորինօ Մրցումը  Յետաձգուեցաւ

«Քալչիօ». Լացիօ Ռոմա-Թորինօ Մրցումը Յետաձգուեցաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 25-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, սկզբունքով երէկ տեղի պիտի ունենար Լացիօ Ռոմա-Թորինօ մրցումը: Սակայն Թորինոյի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբին փորձերը երէկ եւ նախանցեալ օր դադրեցան տեղի ունենալէ` նկատի ունենալով, որ ակումբին երեք մարզիկներուն «Քորոնա» ժահրին գծով կատարած քննութիւնները տուին դրական արդիւնք: Թորինօ քաղաքին պատասխանատու մարմինները խումբին արգիլեցին մեկնիլ Հռոմ: Նշուեցաւ, որ Թորինօ չի կրնար մրցումին յետաձգումը...

Նէյմար Պիտի Բացակայի Պարսելոնայի Դէմ  Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Նէյմար Պիտի Բացակայի Պարսելոնայի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել իր նախկին ակումբին` Պարսելոնայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» օրաթերթը: Նշենք, որ այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 10 մարտին, Փարիզի մէջ, կ՛իյնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ: 29 տարեկան Նէյմար կը շարունակէ ապաքինիլ մկանային վնասուածքէն, որ ստացած...

Արմինիա Պիլըֆելտ  Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Արմինիա Պիլըֆելտ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Գերմանական Արմինիա Պիլըֆելտ ֆութպոլի ակումբը երէկ պաշտօնանկ ըրաւ ակումբին մարզիչը` Ուուէ Նէօհաուսը: Անոր հետ իր պաշտօնը կորսնցուց նաեւ անոր օգնականը` Փեթեր Նեմեթ: 61 տարեկան Նէօհաուսի պաշտօնազրկումէն կարճ ատեն մը ետք, ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ֆրանք Քրամեր նշանակուեցաւ անոր յաջորդը: Նէօհաուս, որ խումբին մարզիչ նշանակուեցաւ 2018-ին, նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ ապահովեց «Պունտըսլիկա»-ի իր տոմսը: Սակայն այս տարեշրջանին խումբին արձանագրած...

«Էն. Պի. Էյ. »  Ճէյմս Հարտենի Պատմական Թրիփըլ Տապըլը

«Էն. Պի. Էյ. » Ճէյմս Հարտենի Պատմական Թրիփըլ Տապըլը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան եօթը ճակատումներ: Բաւական հետաքրքրական ճակատումէ մը ետք, երկարաձգումէն ետք վերջ գտաւ Պրուքլին Նեթց-Սան Անթոնիօ Սփըրզ ճակատումը` ի նպաստ հիւր կազմին` Նեթցի, 124-113 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն Ճէյմս Հարտեն մեծապէս նպաստեց իր կազմին, երբ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (30 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 15 էսիսթ): Այսպիսով, ան հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ. »-ի պատմութեան...

Հայկական Ֆութպոլ.  Փիւնիկ Յաղթեց Եւ Խոյս Տուաւ  Վերջին Դիրքէն

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Յաղթեց Եւ Խոյս Տուաւ Վերջին Դիրքէն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փիւնիկ Երեւան, որ Գիւմրիի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ հիւրը եղաւ Շիրակին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Երեւանեան ակումբին կոլերը նշանակեցին ուքրանացիներ Նիքիթա Թաթարքով (56-րդ) եւ Օլեկ Քոժուշքօ (90+1-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած խումբը, ապահովելով տարեշրջանի իր 8-րդ կէտը, խոյս տուաւ վերջին դիրքէն` իր տեղը զիջելով Շիրակին (9-րդ): Ինչ կը...

30 Տարուան Դադարէ Մը Ետք Քաղսիի Մէջ Բացուեցաւ  Դահուկարշաւի Մարզական Ակումբը

30 Տարուան Դադարէ Մը Ետք Քաղսիի Մէջ Բացուեցաւ Դահուկարշաւի Մարզական Ակումբը

Հայկական մարզական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Կոտայքի մարզի Քաղսի գիւղին մէջ 30 տարուան դադարէ մը ետք Վարսենիկ Վարդանեանի թափած ջանքերուն շնորհիւ բացուեցաւ դահուկարշաւի մարզական ակումբը` նպատակ ունենալով նպաստել այս մարզաձեւի առաւելագոյն ձեւով զարգացման: Առաջին մրցաշարքը նուիրուած էր արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին զոհուած քաղսեցիներ Սեւակ Մնացականեանի եւ Սամուէլ Մելքոնեանի յիշատակին: Մրցանակաբաշխութիւնը կատարեց Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան: Նշենք, որ...

ՖԻՏԷ.  Լեւոն Արոնեան` 5-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան` 5-րդ Դիրքին Վրայ

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ (ՖԻՏԷ) երէկ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ մէկ դիրք բարձրանալով այժմ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը: Հակառակ անոր որ ան նախորդ շաբաթ յայտարարած էր, որ կը հեռանայ Հայաստանէն, սակայն ՖԻՏԷ-ի դասաւորման մէջ ցարդ կը ներկայացնէ Հայաստանը: Շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ ամիս ան նկատի առնուի իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ճատրակ խաղացող: Հայրենի կրանտմասթըրներէն Գաբրիէլ...

Ուրարտու Պայմանագրութիւն Մը  Ստորագրեց Արթուր Միրանեանի Հետ

Ուրարտու Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Արթուր Միրանեանի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող կազմերէն Ուրարտու, նախորդ շաբաթավերջին պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Արթուր Միրանեանի հետ: 25 տարեկան Միրանեան, որ Շախտիոր Տոնեցքի սան է, նախապէս մաս կազմած է մակեդոնական Վարտարին եւ Փիւնիկ Երեւանին: Ան նախորդ տարեշրջանին Փիւնիկի հետ կատարեց 20 մրցում` նշանակելով 9 կոլ: Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Միրանեան...

Արմէն Մանուչարեան`  Աքթոպէի Ֆութպոլիստ

Արմէն Մանուչարեան` Աքթոպէի Ֆութպոլիստ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Արմէն Մանուչարեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Աքթոպէի հետ, յայտնեց ղազախական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ներկայիս 26 տարեկան Մանուչարեան, իր ակումբին հետ հաւաք մը կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ: Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին հայրենի ֆութպոլիստը, իր պայմանագրութիւնը խզեց ռուսական «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող Ռոթոր Վոլկոկրատի հետ, որուն միացած էր օգոստոս 2020-ին: Նախապէս ան մաս կազմած է նաեւ Փիւնիկ...

«Էն. Պի. Էյ. ».  Լէյքըրզ Յաղթեց Իր Հիւրին` Ուորիըրզին

«Էն. Պի. Էյ. ». Լէյքըրզ Յաղթեց Իր Հիւրին` Ուորիըրզին

«Էն. Պի. Էյ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան 8 մրցումներ, մինչ Թորոնթօ Ռեփթըրզ-Շիքակօ Պուլզ մրցումը յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Ռեփթըրզ չկրցաւ ապահովել ութ մարզիկներ, որոնք պիտի մրցէին այս մրցումին համար: Խումբին մարզիկներուն կէսէն աւելին վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, 117-91 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին: Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 19...

Տիեկօ Սիմէոնէ Կարեւոր  Նուաճում Մը Իրագործեց

Տիեկօ Սիմէոնէ Կարեւոր Նուաճում Մը Իրագործեց

Աթլեթիքօ Մատրիտի արժանթինցի գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 25-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Վիարէալի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (2-0) կարեւոր նուաճում մը իրագործեց` կրկնելով ակումբին մէկ մրցանիշը: Ասիկա մատրիտեան ակումբին հետ անոր 308-րդ յաղթանակն էր բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին: Այսպիսով, ան կրկնեց Լուիս Արակոնեսի մրցանիշը: 308 յաղթանակ արձանագրելու համար Սիմէոնէէն պահանջուեցաւ 512 մրցում, իսկ Արակոնեսէն` 612 մրցում: «Լա...

Պարսելոնայի Նախկին  Նախագահը Ձերբակալուեցաւ

Պարսելոնայի Նախկին Նախագահը Ձերբակալուեցաւ

Սպանիոյ մէջ ձերբակալուեցան քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու, թեքնիք տնօրէն Օսքար Կրաուն եւ փաստաբանական ծառայութեան նախագահ Ռոման Կոմես Փենթի, այս մասին յայտնեց սպանական մամուլը: Նախքան այս ձերբակալութիւնները կատարելը, Սպանիոյ ոստիկանութիւնը խուզարկութիւն կատարած էր Պարսելոնայի գրասենեակին մէջ: Նշուեցաւ, որ այս ձերբակալութիւնները կապուած են անոնց կողմէ գրաւի գրասենեակներուն գաղտնի տեղեկութիւններու փոխանցման պատճառով, ինչպէս նաեւ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի եւ սպանացի...

Ա. Էս. Ռոմայի Միջնապահը  Կրկնեց Միշել Փլաթինիի Մրցանիշը

Ա. Էս. Ռոմայի Միջնապահը Կրկնեց Միշել Փլաթինիի Մրցանիշը

Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Ճորտան Վերեթու նախորդ շաբաթավերջին Ա. Սէ. Միլանի դէմ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 24-րդ հանգրուանի մրցումին նշանակեց տարեշրջանի իր 10-րդ կոլը: Վերջին 35 տարիներուն ընթացքին, Վերեթու առաջին ֆրանսացի ֆութպոլիստն է, որ «Քալչիօ»-ի տարեշրջանի մը ընթացքին կը նշանակէ նուազագոյնը 10 կոլ: Նախապէս այս իրագործումը կատարած էր Եուվենթուսի անցեալի ֆութպոլիստ Միշել Փլաթինի, 1985-1986...

Պարսելոնա Պատրաստ Է Ծախելու Կրիզմանը

Պարսելոնա Պատրաստ Է Ծախելու Կրիզմանը

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը պատրաստ է ծախելու իր յառաջապահը` Անթուան Կրիզմանը, եթէ 60 միլիոն եւրոյէն վեր առաջարկներ ստանայ: Նշուեցաւ, որ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի 29 տարեկան ֆութպոլիստով ներկայիս հետաքրքրուած են անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտն ու Ֆրանսայի ախոյեան` Փարիզ Սեն Ժերմենը: Կրիզման 2019-ին Աթլեթիքօ Մատրիտէն Պարսելոնային միացաւ փոխան` 120 միլիոն եւրոյի: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ...

Իպրահիմովիչ Շատ Հաւանաբար Բացակայի Մանչեսթըր Եունայթըտի Դէմ  Կատարուելիք Մրցումներէն

Իպրահիմովիչ Շատ Հաւանաբար Բացակայի Մանչեսթըր Եունայթըտի Դէմ Կատարուելիք Մրցումներէն

Ա. Սէ. Միլանի մաս կազմող շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, շատ հաւանաբար բացակայի Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ կատարուելիք երկու մրցումներէն, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Այս երկու մրցումները կ՛իյնան «Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Ան նախորդ շաբաթավերջին ձախ ազդրի մկանային վնասուածք ստացաւ, յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ անոր ապաքինման համար կը պահանջուի նուազագոյնը 10 օր: Երկու...

Գերմանական Ֆութպոլ.  Շալքէ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Գերմանական Ֆութպոլ. Շալքէ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») վերջին դիրքին վրայ գտնուող Շալքէի ղեկավարութիւնը գործնական քայլերու դիմելով երէկ պաշտօնանկ ըրաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչը եւ անոր հետ աշխատող գրեթէ ամբողջ անձնակազմը, այս մասին յայտնեց գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթը: Իր կազմին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով, Քրիսթիան Կրոս կորսնցուց գլխաւոր մարզիչի իր պաշտօնը: Ընթացիկ ախոյեանութեան, Շալքէ, որ կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ եւ վերջին դիրքը, իր տրամադրութեան տակ ունի...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Ժողով.  Փիեռ Ժալըխ Նշանակուեցաւ Նախագահ,  Մինչ Չորս Ուրիշներ Ստանձնեցին  Փոխնախագահի Պաշտօնը

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Ժողով. Փիեռ Ժալըխ Նշանակուեցաւ Նախագահ, Մինչ Չորս Ուրիշներ Ստանձնեցին Փոխնախագահի Պաշտօնը

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր առաջին ժողովը: Ինչպէս ծանօթ է, ողիմպիական կոմիտէին ընտրութիւնները թէեւ կատարուեցան հինգշաբթի, 25 փետրուարին, սակայն պաշտօններու բաժանում չկատարուեցաւ, որովհետեւ որոշուեցաւ ատիկա կատարել կոմիտէի առաջին ժողովին: Նոր նախագահ ընտրուեցաւ Փիեռ Ժալըխ, մինչ փոխնախագահներ` Հաշեմ Հայտար, Ժաք Թամեր, Սեմի Քըպլաուի եւ Ասաատ Նախըլ: Ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը դարձեալ պահեց հանգստեան կոչուած...

Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան` Քիեւի Մրցաշարքի Տիտղոսակիր. Կարապետ Չալեան` Արծաթէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան` Քիեւի Մրցաշարքի Տիտղոսակիր. Կարապետ Չալեան` Արծաթէ Մետալակիր

2018-ին աշխարհի, իսկ 2019-ին Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան հանդիսացած Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ` Մալխաս Ամոյեան (72 քկ) հանդիսացաւ Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի տիտղոսակիր: Աւարտական մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչը, որ մրցեցաւ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու վրացի պրոնզէ մետալակիր Շմակի Փոլքվածէի դէմ, յաղթեց 9-1 արդիւնքով: Հայրենի այլ ըմբիշ մը` եւրոպական խաղերու փոխախոյեան, Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, Թոքիօ-2020-ի ողիմպիականի խաղերուն...

Page 532 of 1279 1 … 531 532 533 … 1,279

Արխիւներ