Երէկ` չորեքշաբթի, 3 մարտին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Պուլկարիա մեկնեցաւ Լիբանանի դահուկարշաւի կրտսերներու պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի ազգային խումբերու նախագահ Ռոպեր Քէյրուզ:
Լիբանանցի մարզիկներն են Անթոնի Մրատ եւ Զիատ Շեհապ` իրենց մարզիչ ունենալով` Եան Եաքուպքոն (Սլովաքիա):
Նշենք, որ աւելի ուշ Պուլկարիոյ մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան պիտի միանան Թալա Սըմահա եւ Թամարա Խալաֆ:



