Հայրենի մարզական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս քաղաքին մէջ բացուեցաւ կռփամարտի գերժամանակակից մարզասրահ:
Այս մարզասրահը կառուցուեցաւ Վարդենիսի համայնքապետարանի թափած ճիգերուն շնորհիւ:
Նշուեցաւ, որ համաձայն Ակունք, Լուսակունք, Գեղամասար, Ծովակ, Մեծ Մասրիկ համայնքներուն հետ կնքուած միջհամայնքային համագործակցութեան, նորաբաց մարզասրահին մէջ պիտի մարզուին Վարդենիսի եւ վերոնշեալ համայնքներուն 6-18 տարեկան երեխաները: Անոնց մարզումը տեղի պիտի ունենայ բարձր մակարդակ ունեցող մարզիչներու կողմէ: