Երէկ` երեքշաբթի, 2 մարտին, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս, ուր հինգշաբթի, 4 մարտին մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ, Եւրօ-2022-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս մրցումին համար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեան նկատի առաւ հետեւեալ մարզիկները.
Լուան Պարպոսա, Ռոպերթ Պոյարքին, Սարօ Գալստեան, Գարեգին Մաշումեան, Համլեթ Մանուկեան, Սարգիս Մարգարեան, Վլատիմիր Սանոսեան, Դաւիթ Ասլանեան, Արթուր Մելքոնեան, Ռաֆիկ Պաղտասարեան, Նիքիթա Խրոմիք եւ Տենիս Նեւետրով:
Նշենք, որ հայրենի կազմը ցարդ արձանագրած է հաւասարութիւն մը եւ կրած պարտութիւն մը: