Հայաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը եւս աւարտեցաւ «Վահագնի Սիթի»-ի յաղթանակով: Անիկա այս անգամ Դուինին յաղթեց մրցումին վերջին երկվայրկեաններուն` 74-71 արդիւնքով:
Այժմ «Վահագնի Սիթի» ընդհանուր հաշուով 3-1 արդիւնքով առաւելութիւն մը ունի Դուինի վրայ:
Անոնց միջեւ յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 7 մարտին, Միքա մարզահամալիրին մէջ: