Երէկ` չորեքշաբթի, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան վեց մրցումներ, մինչ Թորոնթօ Ռեփթըրզ-Տիթրոյիթ Փիսթընզ մրցումը յետաձգուեցաւ:
Երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Ֆէոնիքս Սանզը, անկէ կրեց 114-104 արդիւնքով պարտութիւն մը: Լէյքըրզէն 38 կէտ նշանակեց Լեպրոն Ճէյմս:
Միլուոքիի մէջ Պաքս 128-97 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Տենվըր Նակեթցէն: Յաղթական կազմէն թրիփըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ Նիքոլա Եոքիչ (37 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ): Իսկ Պաքսէն 27 կէտ նշանակեց Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ: