Հաալանտ Գերազանցեց Սոլսքիարի Հաստատած Մրցանիշը
Պորուսիա Տորթմունտին մաս կազմող 20 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Պրոթ Հաալանտ դարձաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ կոլ նշանակած նորվեկիացի ֆութպոլիստը: Ան այսպիսով գերազանցեց անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ուլէ-Կունար Սոլսքիարի հաստատած մրցանիշը. վերջինս անցեալին նշանակած էր 19 կոլ: Սպանական Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, ան իր իրագործած տուպլէին շնորհիւ, իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր...




















