Նախագահութեամբ Փիեռ Ժալըխի, երէկ` երկուշաբթի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն Պաապտայի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր ժողովը` ներկայութեամբ իր բոլոր անդամներուն:
Քննարկուեցան օրակարգի վրայ եղող տարբեր նիւթեր:
Նշուեցաւ, որ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մասնակի ընտրութիւնները (թափուր մնացած երկու աթոռներուն համար), տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ չորեքշաբթի, 24 մարտին, յետմիջօրէին ժամը 15:00-ին, «Փատովա» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ):
Լիբանանի մէջ գտնուող Չինաստանի դեսպանատան հետ կապ հաստատելէ ետք Ողիմպիական կոմիտէն անկէ պիտի ստանայ «Քորոնա»-ի 5 հազար պատուաստ, որպէսզի մարզիկներ, մարզիչներ, իրաւարարներ եւ պատասխանատուներ պատուաստուին: