Աթլանթայի մէջ տեղի ունեցած «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան «Օլ-Սթար»-ի մրցումին յաղթական դուրս եկաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մարզիկ` Լեպրոն Ճէյմսի խումբը, որ 170-150 արդիւնքով յաղթեց Պրուքլին Նեթցի մաս կազմող Քեւին Տիւրանթի կազմին:
Մրցումին ամէնէն աւելի կէտեր նշանակեց Միլուոքի Պաքսի մարզիկներէն` Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ (35 կէտ), որ այսպիսով տիրացաւ «Էն. Վի. Փի.»-ի տիտղոսին:
Նշենք, որ 36 տարեկան Ճէյմս այսպիսով բարելաւեց իր մրցանիշը` յաջորդաբար 17-րդ անգամ ըլլալով մասնակցելով «Օլ-Սթար»-ի մրցումին:
Քեւին Տիւրանթ այս մրցումէն բացակայեցաւ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:



