Պորուսիա Տորթմունտին մաս կազմող 20 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Պրոթ Հաալանտ դարձաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ կոլ նշանակած նորվեկիացի ֆութպոլիստը:
Ան այսպիսով գերազանցեց անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ուլէ-Կունար Սոլսքիարի հաստատած մրցանիշը. վերջինս անցեալին նշանակած էր 19 կոլ:
Սպանական Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, ան իր իրագործած տուպլէին շնորհիւ, իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացուց 20-ի:
Ասկէ բացի, ան վերոնշեալ մրցաշարքի պատմութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստն է, որ կոլի հեղինակ կը դառնայ յաջորդաբար 6-րդ մրցումն ըլլալով: Ան իր այս մրցանիշը հաստատեց, երբ տարիքը 20 տարեկան եւ 231 օր էր:



