Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ուքրանիոյ մէջ կատարուած միջազգային մրցաշարքի մը, տիրացաւ 8 մետալի (3 ոսկի, 2 արծաթ եւ 3 պրոնզ):
Տիտղոսակիր հանդիսացան Դաւիթ Մարգարեան (65 քկ), Մուշեղ Մկրտչեան (74 քկ) եւ Լիովա Գէորգեան (125 քկ): Արծաթէ մետալներու տիրացան Լեւիկ Միքայէլեան (61 քկ) եւ Արթուր Սարդարեան (65 քկ), իսկ պրոնզէ մետալակիր` Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ), Նարեկ Յարութիւնեան (70 քկ) եւ Կնեազ Իբոյեան (79 քկ):
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 160 ըմբիշներ, որոնք եկած էին Ուքրանիայէն, Մոլտովիայէն, Սլովաքիայէն, Լիթուանիայէն եւ Հայաստանէն:
Նշենք, որ Հայաստանի ազատ ոճի երիտասարդական հաւաքականի աւագ մարզիչ Աւետիք Վարդանեան մրցաշարքին աւարտէն ետք ըսաւ, որ ասիկա լաւագոյն պատրաստութիւնը եղաւ 26-28 ապրիլին տեղի ունենալիք Հայաստանի երիտասարդական ախոյեանութեան: