Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ` Նէյմար իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Պարսելոնայի դէմ կատարուելիք այսօրուան մրցումին` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Այս մրցումը կ՛իյնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Նշուեցաւ, որ քաթալոնական Պարսելոնայէն իր կարգին դաշտ պիտի չկարենայ ներկայանալ Ժերար Փիքէ, որ իր կարգին վիրաւոր է:
Այսօրուան այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ երթին ֆրանսական կազմը Սպանիոյ մէջ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով բաւական կարեւոր յաղթանակ մը:



