Լիվըրփուլի մաս կազմող եգիպտացի միջազգային յառաջապահ Մոհամետ Սալահ շատ հաւանաբար այս տարեշրջանին աւարտէն ետք հեռանայ իր ակումբէն:
Նշուեցաւ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստը բաւական լարուած յարաբերութիւն ունի իր մարզիչին` Եիւրկըն Քլոփի հետ, ինչ որ հետզհետէ զգալիօրէն կը սրի:
Քանի մը ամիսէ ի գոյութիւն ունեցող այդ լարուածութիւնը աւելիով աչքառու դարձաւ, երբ Չելսիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Քլոփ, 61-րդ վայրկեանին, Սալահը փոխարինեց այլ մարզիկով մը: