Վերջին անգամ 10 տարի առաջ Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած Կլասքօ Ռէյնճըրզ նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացաւ երկրի ախոյեան: Անիկա այսպիսով իր պատմութեան մէջ 55-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ ախոյեանութեան տիտղոսին:
40 տարեկան անգլիացի Սթիւըն Ժերարի գլխաւորած կազմը ախոյեանութեան աւարտէն 6 հանգրուան առաջ 20 կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը ունեցաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Սելթիքի վրայ, որ նախորդ շաբաթավերջին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Տանտի Եունայթըտի հետ:
Մայիս 2018-ին Ռէյնճըրզի գլխաւոր մարզիչ նշանակուած Ժերար այսպիսով իր կազմին հետ հանդիսացաւ տիտղոսակիր` երկու անգամ անոր հետ փոխախոյեան հանդիսանալէ ետք:



