Ուրարտու ֆութպոլի ակումբն ու Ալեքսանտր Գրիգորեան դադրեցուցին իրենց համագործակցութիւնը, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ուրարտու շնորհակալութիւն յայտնեց 54 տարեկան մասնագէտին կատարած բեղմնաւոր աշխատանքին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` յառաջիկային շարունակուելիք մարզիչի ասպարէզին գծով:
Գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար նշանակուեցաւ Տիգրան Եսայեան:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Ուրարտու-2-էն մարզիչի օժանդակ նշանակուեցաւ Ռոպերթ Արզումանեան:



