
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի ֆութսալի 2022 տարուան ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Պոսնիա կը հիւրընկալէ Ռումանիան:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ վերոնշեալ մրցումին իրաւարարներէն մէկը պիտի ըլլայ հայրենի փորձառու իրաւարար Արման Ալաբերքեան: