Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի փոխախոյեան եւ բաժակակիր` Նոա, որ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ հիւրընկալեց Վանաձորի Լոռին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Երեւանեան կազմին առաջին կոլը նշանակեց ռուս յառաջապահ Վլատիմիր Ազարով (փենալթիով), որմէ ետք Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ Մոնրոյ Արարատ նշանակեց իր առաջին կոլը` Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն: Լոռիի կոլը նշանակեց պրազիլցի յառաջապահ Անտրէ Մենսալաոն, որմէ ետք Լոռիի ղազախ յետսապահ Թիմուր Ռուտոսելսքի սխալմամբ իր բերդէն ներս կոլ մը նշանակեց, եւ այսպիսով Լոռի կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ Նոայի կազմէն դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Պետրոս Աւետիսեան, որ այսպիսով իր նորամուտը նշեց երեւանեան ակումբին հետ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Նոա ապահովեց 22 կէտ, մինչ Լոռիի կէտերը մնացին նոյնը` 23: