Ըստ իտալական մարզական մամուլին, Ա. Էս. Ռոմայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Շախտիոր Տոնեցքի դէմ տեղի ունենալիք «Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումին (վաղը` հինգշաբթի) պիտի ստանձնէ Էտին Ծեքոյի դերը:
Պոսնիացի յառաջապահը վիրաւոր ըլլալուն պատճառով պիտի բացակայի այս ճակատումէն:
Նշուեցաւ, որ Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչը` Փաուլօ Ֆոնսեքա ըսած է, թէ Մխիթարեան լաւապէս կրնայ կատարել անոր ստանձնած դերը` իր կողքին ունենալով սպանացի յառաջապահ Պորխա Մայորալը:
Վաղուան այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: