Այս ամսուան աւարտին 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի կատարէ երկու մրցում` Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
Նկատի առնելով «Քորոնա» ժահրի համավարակը` մարզադաշտին թրիպիւններուն միայն 30 տոկոսը համակիրներ պիտի հիւրընկալեն:
Տոմսերուն վաճառքը պիտի կատարուի առցանց:
Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան 28 մարտին կը հիւրընկալէ Իսլանտան, իսկ 31 մարտին` Ռումանիան:
Հայրենի կազմը զտումի իր մրցումներուն կը սկսի 25 մարտին, երբ հիւրը կ՛ըլլայ Լիխթնշթայնի:



