Հայկական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Գեղարքունիքի մարզին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի 2021 տարուան դպրոցական ախոյեանութիւնը` 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դպրոցականներու մասնակցութեամբ: Ախոյեանութիւնը նուիրուած էր արցախեան վերջին պատերազմի զոհերու յիշատակին:
Այս մրցաշարքին, որուն ընթացքին կիրարկուեցաւ ՖԻՏԷ-ի օրէնքը, զտումի մրցումներուն մասնակցեցան 68 դպրոցական:
Մրցումներուն հսկեց Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի ներկայացուցիչ Մերուժան Հայրապետեան:
Նշուեցաւ, որ այս ախոյեանութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի ձեւաւորուի մարզի հաւաքականի խումբը, որ 20-29 մարտին պիտի մասնակցի Հայաստանի պատանիներու եւ աղջիկներու ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանին:
Մրցանակակիրները պարգեւատրուեցան հաստատագիրներով եւ մետալներով:



