Մարզական

Աշխարհահռչակ Ֆութպոլիստ  Եուրի Ճորքայեֆ` Հայաստանի Մէջ

Աշխարհահռչակ Ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայեֆ` Հայաստանի Մէջ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայեֆ, որ ՖԻՖԱ-ի հիմնադրամի գործադիր տնօրէն է, երէկ այցելեց Հայաստան: Երեւանի մէջ, հայազգի ֆութպոլիստը այցելեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիան եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի հետ: Քննարկուեցան հայկական ֆութպոլի զարգացման հեռանկարները եւ ներդրումի ապագայի ծրագիրները: Ճորքայեֆ նաեւ ծանօթացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի սպանացի գլխաւոր...

«Եու. Է. Էֆ. Ա. ».  Եւրոպայի 17 Եւ 19 Տարեկանէն Վար Աղջկանց  Ախոյեանութիւններու Վիճակաձգութիւն

«Եու. Է. Էֆ. Ա. ». Եւրոպայի 17 Եւ 19 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ախոյեանութիւններու Վիճակաձգութիւն

Երէկ` հինգշաբթի, 11 մարտին «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Նիոնի (Զուիցերիա) մէջ գտնուող գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ 2021-2022 տարեշրջանի աղջկանց 17 եւ 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց Բ. Լիկայի Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Լաթվիան, Խրուաթիան եւ Ղազախստանը: Իսկ աղջկանց 19 տարեկանէն վար հաւաքականին գծով Հայաստանի մրցակիցները (Բ....

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեանի Ա. Հանգրուանի Մրցակիցը`  Ազրպէյճանցի Մամետեարով

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեանի Ա. Հանգրուանի Մրցակիցը` Ազրպէյճանցի Մամետեարով

Շաբաթ, 13 մարտին կը սկսի «Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր» արագ ճատրակ միջազգային մրցաշարքը: Անոր իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն իրեն մրցակից պիտի ունենայ ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովը: Նախնական հանգրուանին մասնակցողները առաջին երեք օրուան ընթացքին կը կատարեն 5-ական մրցում: 1-16-րդ հանգրուան հասնողները կ՛ապահովեն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը: Նշենք, որ Լեւոն Արոնեան իր առաջին մրցաշարքին...

Կարէն Նալբանդեան` Օլիմփիաքոս-Արսենալ  Մրցումի Իրաւարարներու Տեսուչ

Կարէն Նալբանդեան` Օլիմփիաքոս-Արսենալ Մրցումի Իրաւարարներու Տեսուչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած երէկուան Օլիմփիաքոս-Արսենալ մրցումին իրաւարարներու տեսուչ նշանակուեցաւ Հայաստանէն Կարէն Նալբանդեան: Նշենք, որ Նալբանդեան առաջին անգամը չէ, որ այսպիսի կարեւոր մրցումի մը տեսուչ կը նշանակուի: Ան այլ առիթներով ալ եղած է տեսուչ` նկատի ունենալով, որ անոր ունեցած փորձառութիւնը միշտ ալ պատճառ կը...

Ճատրակի Բարձրագոյն Վարպետութեան Դպրոցի  Նախագիծը Արժանացաւ Դրական Եզրակացութեան

Ճատրակի Բարձրագոյն Վարպետութեան Դպրոցի Նախագիծը Արժանացաւ Դրական Եզրակացութեան

Երեւանի մէջ պիտի ստեղծուի ճատրակի բարձրագոյն վարպետութեան մարզադպրոց, այս մասին յայտնեց Երեւանի Ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան: «Ուրախութեամբ կը յատնենք, որ Երեւանի ճատրակի բարձրագոյն վարպետութեան մարզադպրոցի նախագիծը արժանացաւ Երեւանի աւագանիի յանձնախումբի դրական եզրակացութեան: «Ճատրակի զարգացման եւ նոր մակարդակի փոխադրման մեր աշխատանքներուն մէջ, վստահ եմ, որ այս մարզադպրոցը անկիւնադարձային նշանակութիւն պիտի ունենայ», այս մասին յայտնեց Հայրապետեան, որ միեւնոյն ժամանակ ալ Ազգային...

Մարմնամարզութիւն.  Ճափոնի Մէջ Տեղի Ունենալիք Աշխարհի  Բաժակի Մրցաշարքը Ջնջուեցաւ

Մարմնամարզութիւն. Ճափոնի Մէջ Տեղի Ունենալիք Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքը Ջնջուեցաւ

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ճափոնի եւ միջազգային մարմնամարզութեան ֆետերասիոնները միասնաբար որոշեցին ջնջել Թոքիոյի մէջ նախատեսուած աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքը: Նշենք, որ 4 մայիսին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքը վարկանշային էր, Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն համար: «Քորոնա» ժահրին պատճառով չեղեալ նկատուեցան նաեւ գերմանական Շթութկարթ եւ անգլիական Պիրմինկհեմ քաղաքներուն մէջ կատարուելիք բաժակի զտումի մրցաշարքերը: Նշենք, որ ցարդ յստակացած են ողիմպիական...

Սուսերամարտ.  Հայաստանի Երեք Ախոյեաններ Կը Մասնակցին  Ողիմպիական Խաղերու Վարկանշային Մրցաշարքին

Սուսերամարտ. Հայաստանի Երեք Ախոյեաններ Կը Մասնակցին Ողիմպիական Խաղերու Վարկանշային Մրցաշարքին

Հայաստանի սուսերամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի սուսերամարտի ախոյեան հանդիսացած երեք մարզիկներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 24-25 ապրիլին Մատրիտի մէջ (Սպանիա) տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին: Նախքան ատիկա, Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս) 3-4 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութիւնը: Հայաստանի այդ երեք ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Էդուարդ Օվիկեան, Էմմա Պօղոսեան եւ Մայքըլ Յովհաննիսեան:

Կուրղինեան. «Ողիմպիական Խաղերու  4 Ուղեգիրի Ակնկալութիւն Ունինք»

Կուրղինեան. «Ողիմպիական Խաղերու 4 Ուղեգիրի Ակնկալութիւն Ունինք»

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յաբէթնակ Կուրղինեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ մեծ ակնկալութիւն ունի 18-21 մարտին Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունենալիք վարկանշային մրցաշարքէն: Ըստ Կուրղինեանի, Հայաստան ամէն գնով պէտք է ողիմպիականի 4 ուղեգիր նուաճէ: Վերոնշեալ մրցաշարքին պիտի մասնակցին Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ), Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), Հրայր Ալիխանեան (74 քկ) եւ Յովհաննէս Մխիթարեան (86 քկ):...

Թենիս.  Նատալ Հրաժարեցաւ Տուպայի  Մրցաշարքին Մասնակցիլ

Թենիս. Նատալ Հրաժարեցաւ Տուպայի Մրցաշարքին Մասնակցիլ

Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ հրաժարեցաւ իր մասնակցութիւնը բերել Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մէջ տեղի ունենալիք թենիսի միջազգային մրցաշարքին: «Կ՛ուզեմ կազմակերպիչներուն շնորհակալութիւն յայտնել հրաւէրին համար: Թէեւ շատ կը փափաքէի անոր մասնակցիլ, սակայն ֆիզիքապէս պատրաստ չեմ զգար որեւէ մրցաշարքի մասնակցելու», ըսաւ 34 տարեկան սպանացին: Տուպայի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 15-21 մարտին: Նշենք, որ վերջերս Նատալ...

«Մարաքանա»-ն Կրնայ Վերանուանուիլ  Փելէի Անունով

«Մարաքանա»-ն Կրնայ Վերանուանուիլ Փելէի Անունով

Պրազիլական մարզական մամուլին համաձայն, Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ գտնուող «Մարաքանա» մարզադաշտը Պրազիլի իշխանութիւններուն կողմէ  կրնայ վերանուանուիլ, անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Փելէի անունով: Այս մարզադաշտը բացուեցաւ 1950-ին` հիւրընկալելու համար Մոնտիալի մրցումները, որոնց ընթացքին Պրազիլ պարտուեցաւ Ուրուկուէյէն: Այդ Մոնտիալէն ետք մարզադաշտը օգտագործուեցաւ տեղական ֆութպոլի մրցումներու, մասնաւորաբար` Ֆլամենկոյի, Պոթաֆակոյի եւ Վասքօ տա Կամայի խումբերուն կատարած մրցումներուն համար: 1950-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումին անոր ներկայ գտնուեցան...

Տիեկօ Սիմէոնէ` Աթլեթիքօ Մատրիտի Հետ  Ամէնէն Շատ Յաղթանակ Արձանագրած Մարզիչը

Տիեկօ Սիմէոնէ` Աթլեթիքօ Մատրիտի Հետ Ամէնէն Շատ Յաղթանակ Արձանագրած Մարզիչը

Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Աթլեթիքօ Մատրիտ իր դաշտէն դուրս արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ ակումբին պատմութեան մէջ հաստատեց նոր մրցանիշ մը: 50 տարեկան մարզիչին համար այս յաղթանակը եղաւ 309-րդը (514 մրցումի ընթացքին)` բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն գծով: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ  Չեն Փափաքած Իրենց Կազմին Միացնել Ռոնալտոն

Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Չեն Փափաքած Իրենց Կազմին Միացնել Ռոնալտոն

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի փոխանցման գործողութիւններով զբաղող Ժորժէ Մենտես նախորդ ամրան ընթացքին փորձած էր զայն տեղափոխել այլ ակումբ մը: «Քալչիոմերքաթօ» յայտնեց, որ ան բանակցած է Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, որոնք սակայն չեն ուզած իրենց կազմին միացնել փորթուգալցի ֆութպոլիստը: Նշենք, որ յառաջիկայ ամրան ընթացքին Եուվենթուս պիտի ծախէ իր ֆութպոլիստը, որովհետեւ 36 տարեկան Ռոնալտօ կը...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լուքա Տոնքիչ` Թրիփըլ  Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.» Լուքա Տոնքիչ` Թրիփըլ Տապըլի Հեղինակ

«Օլ Սթար»-ի մրցումին կայացման պատճառով կարճ դադար մը առնելէ ետք, երէկ վերսկսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան երկու մրցումներ: Տալաս Մավըրիքս, որ հիւրընկալեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը, արձանագրեց 115-104 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն թրիփըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ սլովենիացի Լուքա Տոնքիչ (22 կէտ, 12 ռիպաունտ, 12 էսիսթ): Իսկ երկրորդ մրցումին Մեմֆիս Կրիզլիզ յաղթեց իր հիւրին` Ուաշինկթըն Ուիզըրտին` 127-112 արդիւնքով:

Թենիս. Մարսէյի Մրցաշարք.  Կարէն Խաչանով Ապահովեց Քառորդ  Աւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Մարսէյի Մրցաշարք. Կարէն Խաչանով Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով երէկ ապահովեց ֆրանսական Մարսէյ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող  «Էյ. Թի. Օփըն-13 Փրովանս» թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք ամերիկացի Մաքենզի Մաքտոնալտծի: 24 տարեկան հայ մարզիկը քառորդ աւարտականին իրեն մրցակից պիտի ունենայ աւստրալիացի Մեթիու Էպտենը: Այս մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 334 հազար եւրօ:

Ֆութսալ.  Հայաստան 3-2 Արդիւնքով  Պարտութիւն Մը Կրեց Վրաստանէն

Ֆութսալ. Հայաստան 3-2 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Վրաստանէն

«ԵՒՐՕ-2022»-ի ֆութսալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Վրաստանի դէմ, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը: Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Գարեգին Մաշումեան եւ Տենիս Նեւետրով: Հայաստան, որ այսպիսով կատարեց իր 4-րդ հանդիպումը, այժմ կէտով մը միայն կը գրաւէ Բ. խմբակին վերջին դիրքը` իր արձանագրած միակ հաւասարութենէն եւ...

«Եուրոփա Լիկ».  Ա. Էս. Ռոմա- Շախտիոր Տոնեցք Մրցումին  Իրաւարարները` Փորթուգալէն

«Եուրոփա Լիկ». Ա. Էս. Ռոմա- Շախտիոր Տոնեցք Մրցումին Իրաւարարները` Փորթուգալէն

Այսօր` հինգշաբթի, «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունենալիք մրցումներուն կարգին պիտի ըլլայ Ա. Էս. Ռոմա- Շախտիոր Տոնեցք ճակատումը: Հռոմի մէջ կատարուելիք այս մրցումը յիշատակելի պիտի ըլլայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ հիւրընկալ կազմի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի համար, որ պիտի մրցի իր նախկին ակումբին դէմ: Ան ուքրանական ակումբին հետ ելոյթ ունեցած է 2010-2013 ժամանակամիջոցին: «ԵՈՒ....

Նետերլանտներու Դեսպանը  Այցելեց Ուրարտու Ակումբ

Նետերլանտներու Դեսպանը Այցելեց Ուրարտու Ակումբ

Հայաստանի մէջ գտնուող Նետերլանտներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիքօ Շերմերս այցելեց Ուրարտու ֆութպոլի ակումբ, այս մասին յայտնեց հայկական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Դեսպանը, շրջագայելէ ետք ակումբին տարբեր բաժանմունքները, հանդիպեցաւ նաեւ ակումբին պատասխանատուներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայի համագործակցութեան հեռանկարները: Այցելութեան աւարտին դեսպանին յանձնուեցաւ Ուրարտուի անուանական մարզաշապիկը:  

Հայաստանի Ծանրաբարձները  Կը Նախապատրաստուին Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի Ծանրաբարձները Կը Նախապատրաստուին Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց եւ աղջկանց ազգային հաւաքականները կը կատարեն ուսումնամարզական հաւաքներ: Տղոց հաւաքականը, որ 12 մարզիկով հաւաք կը կատարէ Աբովեանի մէջ, անոր երկրորդ բաժինը պիտի կատարէ այս ամսուան երկրորդ կիսուն` Երեւանի մէջ: Իսկ աղջկանց հաւաքականը, որ Արտաշէս Ներսիսեանի գլխաւորութեամբ հաւաք կը կատարէ Երեւանի մէջ, քանի մը օր ետք պիտի մեկնի Ծաղկաձոր:...

Թոմաս Պախ Վերընտրուեցաւ Միջազգային  Ողիմպիական Կոմիտէի Նախագահ

Թոմաս Պախ Վերընտրուեցաւ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէի Նախագահ

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի 137-րդ համագումարին ընթացքին Թոմաս Պախ վերընտրուեցաւ կոմիտէի նախագահ: 67 տարեկան գերմանացին այդ պաշտօնին համար ներկայացած միակ թեկնածուն էր, այս գծով յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը: Ընտրութեան ընթացքին ան ստացաւ 93 թեր եւ 1 դէմ ձայներ: Այսպիսով, ան պիտի շարունակէ իր պաշտօնին վրայ մնալ մինչեւ 2025: Ան սեպտեմբեր 2013-ին ստանձնեց նախագահի իր պաշտօնը` փոխարինելով պելճիքացի Ժաք Ռոկէն: Նշենք, որ...

Պարսելոնա Առաջարկ  Ներկայացուց Ակուերոյին

Պարսելոնա Առաջարկ Ներկայացուց Ակուերոյին

Քաթալոնական Պարսելոնայի նորընտիր նախագահ Խուան Լափորթայի նախաձեռնութեամբ, ակումբը պաշտօնական առաջարկ մը կատարեց Մանչեսթըր Սիթիի արժանթինցի յառաջապահ` Սերճիօ Ակուերոյին, որուն պայմանագրութիւնը անգլիական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Նշուեցաւ, որ 32 տարեկան Ակուերօ եւ անոր ակումբը` Մանչեսթըր Սիթի, նոր պայմանագրութեան գծով որեւէ բանակցութիւն չեն կատարած: Ան 2011-ի ամրան Աթլեթիքօ Մատրիտէն միացաւ Մանչեսթըր Սիթիին:  

Page 528 of 1279 1 … 527 528 529 … 1,279

Արխիւներ