Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, երէկ Աթլեթիքօ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Աթլեթիքօ Պիլպաոյին, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Աթլեթիքօ ունեցաւ 62 կէտ, մինչ անոր անմիջական մրցակիցը` Պարսելոնա ունի 56 կէտ: Անոնք երկուքն ալ կատարած են 26-ական մրցում:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին սպանացի միջնապահ Մարքոս Լիորենթէ եւ Լուիս Սուարեզ:



