Մարզական

Լեւոն Փաչաճեան` Եւրոպայի Մէջ Հայաստանի  Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Դեսպան

Լեւոն Փաչաճեան` Եւրոպայի Մէջ Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Դեսպան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Լեւոն Փաչաճեան նշանակուեցաւ Եւրոպայի մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի դեսպան: «Ինծի համար մեծ պատիւ է Եւրոպայի մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի դեսպան նշանակուիլ: Հպարտ եմ, որ ֆետերասիոնին կողմէն այսպիսի առաջարկ մը ստացայ եւ զայն ընդունեցի մեծ ոգեւորութեամբ: Ուրախութեամբ եւ մեծ պատասխանատուութեամբ պիտի մօտենամ ինծի վստահուած այս գործին: Պիտի...

Ըմբշամարտ.  Արսէն Յարութիւնեան Եւ Վազգէն Թեւանեան  Ապահովեցին Ողիմպիական Խաղերու Իրենց Տոմսերը

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան Եւ Վազգէն Թեւանեան Ապահովեցին Ողիմպիական Խաղերու Իրենց Տոմսերը

Արսէն Յարութիւնեան                                                                                                                    Վազգէն Թեւանեան Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի ազատ ոճի Եւրոպայի ցամաքամասի ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ) երէկ ապահովեց ողիմպիական խաղերու իր տոմսը` կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք ուքրանացի Անտրէյ Եացենքոյի դէմ: 21 տարեկան հայրենի ըմբիշին այժմ կը մնայ տիրանալ նաեւ ոսկի մետալին: Նշենք,...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնն Ու Հայկական  Ակումբները Մասնակցեցան Հաշմանդամութիւն  Ունեցող Համակիրներուն Նուիրուած Շաբթուան

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնն Ու Հայկական Ակումբները Մասնակցեցան Հաշմանդամութիւն Ունեցող Համակիրներուն Նուիրուած Շաբթուան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ կազմակերպութիւնը այս տարի եւս աջակցեցաւ հաշմանդամութիւն ունեցող համակիրներու` ֆութպոլին մէջ ներգրաւածութեան ապահովման ծրագիրին (Քաֆէ Ուիք օֆ էքշըն 2020) «Ամբողջական հասանելիութեան» կարգախօսով: «Քաֆէ»-ի տեսլականն է  նպաստել անոնց առաւելագոյն չափով` նկատի ունենալով, որ ամբողջ աշխարհի տարածքին կ՛ապրի աւելի քան մէկ միլիառ հաշմանդամ, այսինքն` աշխարհի բնակչութեան 15 տոկոսը: Այս տարի այս ծրագիրը իրագործուեցաւ 5-15 մարտին:...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արարատ-Արմենիա Յաղթական` 3-0 Արդիւնքով

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ-Արմենիա Յաղթական` 3-0 Արդիւնքով

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արարատ-Արմենիա, որ հիւրընկալեց Չարենցաւանի Վանը, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց նիկերիացի յառաջապահ Եուսուֆ Օթուպանճօ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Արարատ-Արմենիա 14 մրցումէ ապահովելով 25 կէտ, բարձրացաւ երրորդ դիրք: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Արարատ-Երեւան, որ իր կարգին կատարած է 14 մրցում եւ ունի 28 կէտ:...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան Դարձեալ Պարտուեցաւ Մակնուս  Քարլսընէն Եւ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Դարձեալ Պարտուեցաւ Մակնուս Քարլսընէն Եւ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի արագ ճատրակի «Մակնուս Քարլսըն Ինվիթէյշընըլ» մրցաշարքին քառորդ աւարտական հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին երկրորդ օրը, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան դարձեալ պարտուեցաւ աշխարհի գործող նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսընէն, այս անգամ` 2-1 արդիւնքով: Արոնեան, որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն առաջին օրը նոյն իր մրցակիցէն պարտուած էր 2,5-0,5 արդիւնքով, այսպիսով հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին: Կիսաւարտականի մրցումներուն, Քարլսըն իր դէմ պիտի ունենայ...

Ժիւտօ.  Ֆերտինանտ Կարապետեան Ողիմպիականի Կէտերու  Համար Պիտի Պայքարի Թիֆլիսի Մէջ

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան Ողիմպիականի Կէտերու Համար Պիտի Պայքարի Թիֆլիսի Մէջ

Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականը, Յովհաննէս Դաւթեանի գլխաւորութեամբ, յատուկ հաւաք մը կը կատարէ Վլատիքաւքազի մէջ (Ռուսիա): Թէեւ հաւաքը պիտի աւարտի 27 մարտին, սակայն Ֆերտինանտ Կարապետեան (73 քկ) իր մարզիչին հետ պիտի մեկնի Թիֆլիս (Վրաստան), ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին: Այժմ Կարապետեան ունի 1552 վարկանշային կէտ եւ իր դասակարգին մէջ կը...

Եւրոպական Երկու Երկիրներու  Ախոյեանութիւնները Իրարու Պիտի Միանան

Եւրոպական Երկու Երկիրներու Ախոյեանութիւնները Իրարու Պիտի Միանան

Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրօ Լիկա»-ի մասնակցողներուն միջեւ քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ Նետերլանտներու ախոյեանութեան միանալու գծով: «Փրօ Լիկա»-ի կայքը տեղեկացուց, որ բոլոր ակումբները միաձայն քուէարկած են Նետերլանտներու «Էրետիվիզի»-ին միանալու օգտին: Իրարու միացած այս մրցաշարքը պիտի կոչուի «ՊեՆիԼիկի», եթէ անշուշտ անիկա վերջնականապէս հաստատուի: Շատ հաւանական է, որ այս նոր ախոյեանութեան մասնակցին 16 խումբեր, մինչ մնացեալները պիտի ըլլան աւելի վարին դասակարգերուն մէջ: Այդ ակումբներուն...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր Կը Կատարուի Քառորդ Աւարտականի  Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Կը Կատարուի Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներէն ետք, յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող ութ խումբերուն անունները: Այդ ութ խումբերն են` Փարիզ Սեն Ժերմեն, Լիվըրփուլ, Պորուսիա Տորթմունտ, Փորթօ, Պայէրն Միւնիխ, Մանչեսթըր Սիթի, Ռէալ Մատրիտ եւ Չելսի: Քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ գտնուող «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա....

Պայէրն Միւնիխ Շրջանցեց Պարսելոնան  Եւ Դարձաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մրցանշանակիր

Պայէրն Միւնիխ Շրջանցեց Պարսելոնան Եւ Դարձաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մրցանշանակիր

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, շրջանցելով Լացիօ Ռոմայի արգելքը (4-1 եւ 2-1), բաւական հանգիստ ապահովեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Միւնիխեան կազմը, որ 19-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, յաջողեցաւ մրցաշարքին պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատել: Նախկին մրցանիշը 18 անգամ էր: Այդ ցուցանիշը Պայէրն կը կիսէր քաթալոնական Պարսելոնայի հետ:...

Յստակացաւ «Քլասիքօ»-ի Կայացման Թուականը

Յստակացաւ «Քլասիքօ»-ի Կայացման Թուականը

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 10 ապրիլին, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 30-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին իրարու դէմ պիտի մրցին երկրին ֆութպոլի երկու  հսկաները` Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա: «Քլասիքօ»-ի այս մրցումը պիտի կատարուի Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ գտնուող «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ: Նշենք, որ երթին Ռէալ Մատրիտ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց «Քամփ-Նու»-ի մէջ: Այժմ ընդհանուր դասաւորման...

Փարիզ Սեն Ժերմենի Երկու Ֆութպոլիստներուն  Ընտանիքները Պատանդ Բռնուեցան

Փարիզ Սեն Ժերմենի Երկու Ֆութպոլիստներուն Ընտանիքները Պատանդ Բռնուեցան

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող երկու ֆութպոլիստներու` յետսապահ Մարքինիոսի եւ միջնապահ Անխել Տի Մարիայի ընտանիքները աւազակներու կողմէ յարձակումի ենթարկուեցան, Նանթի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի մրցումին ընթացքին (Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարք): Կողոպտիչները որոշ ժամանակ մը պատանդ բռնած են անոնց ընտանիքները, ապա զանոնք ազատ արձակելէ ետք կորսուած են անյայտ ուղղութեամբ: Ֆրանսական ոստիկանութիւնը այս լուրին ի տես շուտով սկսաւ հետաքննութեան:

«Էն. Պի. Էյ.»-ի Պատմութեան Ամէնէն Բարձրահասակ  Խաղացողներէն Մէկը Անդամալոյծ Դարձաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի Պատմութեան Ամէնէն Բարձրահասակ Խաղացողներէն Մէկը Անդամալոյծ Դարձաւ

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի, Նիւ Ճերզի Նեթցի եւ Տալաս Մավըրիքսի նախկին պասքեթպոլիստ Շոն Պրետլի անդամալոյծ դարձաւ ողնահարի վնասուածքի պատճառով, այս մասին յայտնեց Տալասի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նախորդ 20 յունուարին 48 տարեկան ամերիկացիին ինքնաշարժ մը հարուածեց, մինչ ան հեծանիւ կը քշէր: Ան վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք վերականգնողական փուլ մը կ՛անցընէր վերջին 8 շաբաթներուն ընթացքին: Շոն Պրետլի «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պատմութեան ամէնէն բարձրահասակ պասքեթպոլիստներէն մէկն է:...

Լիբանանի Պասքեթպոլի  Ֆետերասիոն-«Թալալ Մաքտեսի»  Հաստատութիւն Համաձայնագիրի Կնքում

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն-«Թալալ Մաքտեսի» Հաստատութիւն Համաձայնագիրի Կնքում

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան գլխաւոր հովանաւորը պիտի ըլլայ «Թալալ Մաքտեսի» հաստատութիւնը, որ որոշեց հոգալ ախոյեանութեան բոլոր ծախսերը: Այս լուրը դարձաւ պաշտօնական, երբ հաստատութեան եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին միջեւ կնքուեցաւ յատուկ համաձայնագիր մը` վերոնշեալ հաստատութեան Սին Էլ Ֆիլի գրասենեակին մէջ: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի բարձր գնահատեց «Թալալ Մաքտեսի» հաստատութեան այս...

Խոաքին Քափարոս Հրապարակեց Հայաստանի  Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Ընդլայնուած Կազմը

Խոաքին Քափարոս Հրապարակեց Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Ընդլայնուած Կազմը

Երէկ` չորեքշաբթի, 17 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոս հրապարակեց ազգային հաւաքականի ընդլայնուած կազմը, որուն մաս կը կազմեն` 31 ֆութպոլիստներ: Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան 25, 28 եւ 31 մարտին 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ երեք մրցում ունի կատարելիք, յաջորդաբար` Լիխթնշթայնի, Իսլանտայի եւ Ռումանիոյ դէմ: Առաջին անգամ ըլլալով հաւաքական հրաւիրուեցան ռուսական Քրասնոտարի 20 տարեկան միջնապահ Էդուարդ...

Գերմանիոյ Եւ Հունգարիոյ Մէջ Հանդէս Եկող  Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի  Երիտասարդական Հաւաքական

Գերմանիոյ Եւ Հունգարիոյ Մէջ Հանդէս Եկող Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքական

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար երիտասարդական հաւաքականի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան հրապարակեց հաւաքականի կազմը, որ պիտի նախապատրաստուի Եւրօ-2023-ի զտումի մրցաշարքին: Հայրենի հաւաքականը, պատրաստուելու համար զտումի այդ մրցումներուն, յատուկ մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ 22-26 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Անոր հրապարակած կազմին մէջ են արտասահմանի մէջ հանդէս եկող 3...

«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Շախտիոր Տոնեցք-Ա. Էս. Ռոմա

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Շախտիոր Տոնեցք-Ա. Էս. Ռոմա

«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին բոլոր 8 ճակատումները: Փաուլօ Ֆոնսեքայի գլխաւորած կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, ժամը 19:55-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) հիւրը պիտի ըլլայ ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքին: Իտալական կազմը երթին իր դաշտին վրայ արձանագրեց 3-0 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը: Ա. Էս. Ռոմայի կազմէն պիտի բացակայի Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ...

Լիոնել Մեսսի Հաստատեց  Նոր Մրցանիշ Մը

Լիոնել Մեսսի Հաստատեց Նոր Մրցանիշ Մը

Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, նախանցեալ օր Հուեսքայի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, իր կազմին հետ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անկախ արձանագրուած այս յաղթանակէն, 33 տարեկան յառաջապահը հանդիսացաւ պատմութեան առաջին ֆութպոլիստը, որ ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին յաջորդաբար 13-րդ տարեշրջանն ըլլալով նուազագոյնը 20 կոլ կը նշանակէ: Ան վերոնշեալ մրցումին նշանակելով 2...

Իպրահիմովիչ Հրաւիրուեցաւ  Շուէտի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Իպրահիմովիչ Հրաւիրուեցաւ Շուէտի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

«Սքայ Սփոր Իտալիա» յայտնեց, որ իտալական Ա. Սէ. Միլանի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ հրաւիրուեցաւ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբ: 39 տարեկան ֆութպոլիստը նկատի առնուեցաւ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն, ինչպէս նաեւ Էսթոնիոյ դէմ կատարուելիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին: Ան 2001-2016 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Շուէտի ազգային խումբին եւ 116 մրցումի ընթացքին նշանակած 62 կոլ:

Հայկական Ֆութպոլ.  Արեւմտեան Հայաստան` Ա. Դասակարգի Յառաջատար

Հայկական Ֆութպոլ. Արեւմտեան Հայաստան` Ա. Դասակարգի Յառաջատար

Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Արեւմտեան Հայաստան, որ հիւրը եղաւ Փիւնիկ-2-ին, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով դարձաւ յառաջատար: Արեւմտեան Հայաստան, որ ցարդ կատարած է 16 մրցում, ապահովելով 37 կէտ շրջանցեց Սեւանը (16 մրցում, 35 կէտ) եւ Երեւանի բանակայինները (14 մրցում, 34 կէտ): Փիւնիկ-2, որ ապահոված է 10 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը:  

Քինկզլի Քոման 50 Հազար  Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Քինկզլի Քոման 50 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթը նախանցեալ օր յայտնեց, որ Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Քինկզլի Քոման իր ակումբին կողմէ 50 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ: Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը փորձերու եկած է իր անձնական «Մերսետես» վաճառանիշով ինքնաշարժով եւ ոչ թէ ակումբին կողմէ տրամադրուած «Օտի» ինքնաշարժով: Միւնիխեան ակումբին ֆութպոլիստները պէտք է իրենց փորձերուն գան կա՛մ «Օտի» ինքնաշարժով եւ կա՛մ «Վոլվզվակըն Կրուփ»-ի ինքնաշարժներով, ըստ ակումբին հովանաւորող ընկերութեան հետ...

Page 525 of 1279 1 … 524 525 526 … 1,279

Արխիւներ