Մարզական

ՀՄԸՄ-ի Նուաճումները` Ֆետերասիոններուն Մէջ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շապապ Մաժտալ Այնճար-ՀՄԸՄ` 4-0

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք կատարուեցան նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Խիարայի «Ժամալ Ապտել Նասեր» մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Շապապ Մաժտալ Այնճարին: ՀՄԸՄ տարեշրջանը սկսաւ 4-0 արդիւնքով պարտութեամբ մը: Նշենք, որ բոլոր մրցումներն ալ կը կատարուին առանց համակիրներու` «Քորոնա» Ժահրի համաճարակին պատճառով: Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը բաժնուած են 4 խմբակի: ՀՄԸՄ,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Խումբին  Յաղթական Մեկնարկը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Խումբին Յաղթական Մեկնարկը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Լեռնալիբանանի նահանգի մրցումները, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի ճակատումները: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը ունեցաւ բաւական տպաւորիչ մեկնարկ մը, երբ Քֆարշիմայի դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Ուահտէ Շհիմը: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի խմբակին մէջ (Բ. խմբակ) են նաեւ Պշամուն, Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆ, Հատաս եւ Ժամհուր: Իւրաքանչիւր խմբակի (ընդամէնը` 5 խումբ) առաջին...

Արմէն Սանամեան Նշանակուեցաւ  Հայաստանի Ֆութպոլի  Աղջկանց Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչ

Արմէն Սանամեան Նշանակուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ ֆութպոլի փորձառու մասնագէտ եւ անցեալի ֆութպոլիստ, 55 տարեկան Արմէն Սանամեան նշանակուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ: Ան փոխարինեց Մանուկ Սարգսեանը, որ ղազախական Աթիրաու ակումբին մարզիչը ըլլալով, բաւականաչափ ժամանակ չ՛ունենար հաւաքականով զբաղելու: Արմէն Սանամեան վերջերս Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռազմիկ Գրիգորեանի օգնականն էր:  

Ըմբշամարտ.  Սլաւիկ Գալստեան Չկրցաւ Ապահովել  Ողիմպիական Խաղերու Իր Տոմսը

Ըմբշամարտ. Սլաւիկ Գալստեան Չկրցաւ Ապահովել Ողիմպիական Խաղերու Իր Տոմսը

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Սլաւիկ Գալստեան (67 քկ) նախորդ շաբաթավերջին չկրցաւ ապահովել ողիմպիական խաղերու իր տոմսը: Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցած ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին, Գալստեան թէեւ հասաւ կիսաւարտականին, սակայն 10-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր վրացի մրցակիցէն` Ռամազ Զոյիծէէն, չկրցաւ ողիմպիականի տոմս մը ապահովել: Մինչեւ կիսաւարտականին հասնիլը, ան յաջորդաբար յաղթեց Պիելոռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն: Թոքիօ-2020-ի...

Թենիս.  Մարկարիթա Գասպարեան Չկրցաւ  Աւարտականի Իր Մրցումը Շարունակել

Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան Չկրցաւ Աւարտականի Իր Մրցումը Շարունակել

Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Մարկարիթա Գասպարեան, որ Ս. Փեթերսպուրկի թենիսի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ, թէեւ յաջողեցաւ հասնիլ աւարտականին, սակայն չկրցաւ դառնալ տիտղոսակիր: Գասպարեան, որ իրեն մրցակից ունէր Տարիա Քասաթքինան, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր այս մրցումը կիսատ ձգեց, մինչ անիկա կ՛ընթանար ի նպաստ Քասաթքինայի` 6-3 եւ 2-1 արդիւնքով: 26 տարեկան Գասպարեան, որ դասուած է 126-րդ, մինչեւ աւարտականին հասնիլը արձանագրեց 4 յաղթանակ: Իր արձանագրած...

Թոքիօ-2020.  Ողիմպիական Խաղերը` Առանց  Արտասահմանցի Համակիրներու

Թոքիօ-2020. Ողիմպիական Խաղերը` Առանց Արտասահմանցի Համակիրներու

«Քորոնա» ժահրին պատճառով, Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը, տեղի պիտի ունենան առանց արտասահմանցի համակիրներու: Այսպիսի որոշումի մը յանգեցան Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն եւ ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէն, նախորդ շաբաթավերջին իրենց գումարած մէկ ժողովին ընթացքին: Նշուեցաւ, որ նախապէս ծախուած տոմսերուն գումարները պիտի վերադարձուին:    

Կամօ Յովհաննիսեան`  Կոլի Հեղինակ

Կամօ Յովհաննիսեան` Կոլի Հեղինակ

Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն, երկրի գործող ախոյեան Քայրաթ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Քայսարի դէմ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր եւ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, 62-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը: Նշենք, որ Քայսարէն 53-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ հայրենի ֆութպոլիստ Գեղամ Կադիմեան:

«Պունտըսլիկա».  Պայերն Միւնիխի Ուշագրաւ Յաղթանակը  Եւ Լեւանտովսքիի Հեթրիքը

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխի Ուշագրաւ Յաղթանակը Եւ Լեւանտովսքիի Հեթրիքը

Նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ բաւական ուշագրաւ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Շթութկարթը: Հակառակ անոր որ Պայերնէն Ալֆոնսօ Տէյվիս մրցումին 12-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ, սակայն դաշտին տէրերը նշանակեցին չորս անպատասխան կոլեր: Լեհ միջազգային յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի հեթրիք իրագործեց (17-րդ,...

Իտալական Ֆութպոլ.  Ախոյեան Եուվենթուսի  Անակնկալ Պարտութիւնը

Իտալական Ֆութպոլ. Ախոյեան Եուվենթուսի Անակնկալ Պարտութիւնը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, իր դաշտին վրայ կրեց անակնկալ պարտութիւն մը իր հիւրէն` Պենեվենթոյէն (16-րդ): Հիւր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց արժանթինցի յառաջապահ Ատոլֆօ Կայչ, 69-րդ վայրկեանին: Նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, Եուվենթուսի նախագահ Անտրէա Անյելլի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին յանձնեց «ՃԻ. Օ. ԷՅ. ԹԻ. » («Կրէյթեսթ Օֆ Օլ Թայմզ» -բոլոր ժամանակներու հզօրագոյնը)...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Լայսթըր Սիթի Մրցաշարքէն Դուրս  Ձգեց Մանչեսթըր Եունայթըտին

Անգլիական Ֆութպոլ. Լայսթըր Սիթի Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Մանչեսթըր Եունայթըտին

Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի ճակատումները: Մանչեսթըր Եունայթըտ չկրցաւ շարունակել մրցաշարքը, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Լայսթըր Սիթիէն, հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին: Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց նիկերիացի յառաջապահ Քելեշի Իհէանաշօ: Կիսաւարտականին Լայսթըր Սիթի իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սաութհեմփթընը, մինչ աւարտականի իրենց տոմսը ապահովելու համար պիտի պայքարին նաեւ Չելսի եւ Մանչեսթըր Սիթի:

Սպանական Ֆութպոլ.  Մայրաքաղաք Մատրիտի Երկու  Խումբերը` Յաղթական

Սպանական Ֆութպոլ. Մայրաքաղաք Մատրիտի Երկու Խումբերը` Յաղթական

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ նուազագոյն արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ալաւեսին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Լուիս Սուարեզ, 54-րդ վայրկեանին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Աթլեթիքօ Մատրիտ ունեցաւ 66 կէտ: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ մայրաքաղաք Մատրիտի երկրորդ խումբը` երկրին գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, որ 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սելթա Վիկոյի...

Մպափէ Կրկնեց Իպրահիմովիչի  Ցուցանիշը

Մպափէ Կրկնեց Իպրահիմովիչի Ցուցանիշը

Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ ճանչցուեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան փետրուար ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: «Լ՛Էքիփ» յայտնեց, որ ֆրանսացին ստացած է ձայներուն 39 տոկոսը: Անոր ետին գտնուող երկու այլ ֆութպոլիստներ ստացան ձայներուն 33 եւ 28 տոկոսը: Այսպիսով, Մպափէ, որ 5-րդ անգամ ըլլալով ճանչցուեցաւ ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս ցուցանիշով հաւասարեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի կատարած ցուցանիշին:  

Նէյմար Իր Պայմանագրութիւնը  Պիտի Երկարաձգէ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Նէյմար Իր Պայմանագրութիւնը Պիտի Երկարաձգէ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Նէյմար իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ իր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մամուլը: Նշուեցաւ, որ երկու կողմերը գրեթէ ամբողջական համաձայնութեան մը եկած են իրարու հետ, եւ ան շուտով իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ մինչեւ 2026: Անոր այժմու համաձայնագիրը` մայրաքաղաքի կազմին հետ, նախատեսուած է մինչեւ 2022: Պրազիլցին իր նախկին ակումբը` Պարսելոնան լքելէ ետք, 2017-ին...

Փարիզ Սեն Ժերմենի 18 Տարեկան Յետսապահը  Միացաւ Պորուսիա Տորթմունտին

Փարիզ Սեն Ժերմենի 18 Տարեկան Յետսապահը Միացաւ Պորուսիա Տորթմունտին

«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պորուսիա Տորթմունտի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբը յաջողեցաւ իր կազմին միացնել ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ Սումայլէ Քուլիպալին: Նշուեցաւ, որ 18 տարեկան ֆրանսացին երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց գերմանական ակումբին հետ: Ան մաս կը կազմէ նաեւ Ֆրանսայի 18 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբին:

Ըմբշամարտ. Վազգէն Թեւանեան Տապալեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցը Եւ Տիրացաւ Ոսկի Մետալին. Արսէն Յարութիւնեան Եւս Ոսկիէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Վազգէն Թեւանեան Տապալեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցը Եւ Տիրացաւ Ոսկի Մետալին. Արսէն Յարութիւնեան Եւս Ոսկիէ Մետալակիր

                                      Վազգէն Թեւանեան                                                                                      Արսէն Յարութիւնեան Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերու իր տոմսը ապահոված Վազգէն Թեւանեան (65 քկ) երէկ բաւական շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ տիրացաւ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի գօտիի ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքի ախոյեանի կոչումին: Արդարեւ, աւարտականին իր կատարած մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչը 9-0 արդիւնքով ջախջախեց եւ տապալեց Ռիօ 2016-ի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ...

Մարտունիի Մէջ.  Արցախեան Պատերազմին Պատճառով  Վնասուած Մարզադաշտը Կը Վերանորոգուի

Մարտունիի Մէջ. Արցախեան Պատերազմին Պատճառով Վնասուած Մարզադաշտը Կը Վերանորոգուի

Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքի «Աւագեան-Արենա» մարզադաշտին շինարարական աշխատանքները սկսած են` շուրջ շաբաթէ մը ի վեր: Մարզադաշտը Ազրպէյճանի կողմէ հրթիռարձակման ենթարկուած էր արցախեան 44 օրուան պատերազմին ընթացքին: Մարտունիի վարչակազմի պատասխանատու Էդիկ Աւանեսեան կը յայտնէ, որ շատ հաւանական է, որ 25 մարտին աւարտին անոր նորոգութեան աշխատանքները եւ 27 մարտին կատարուի մարզադաշտին վերաբացումը: Նոյն օրը պիտի կատարուի ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը: Նշուեցաւ, որ...

Շաբաթավերջին Կատարուելիք Եւրոպական  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւններուն Յայտագիրը

Շաբաթավերջին Կատարուելիք Եւրոպական Ֆութպոլի Ախոյեանութիւններուն Յայտագիրը

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, պիտի կատարուին բազմաթիւ մրցումներ, որոնցմէ շատերը բնականաբար պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ` իրենց վրայ կեդրոնացնելով լուսարձակները: Իտալիոյ մէջ, բաւական հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, իրարու դէմ պիտի մրցին Ա. Էս. Ռոմա եւ Նափոլի, մինչ Ինթեր Միլան-Սասուոլօ մրցումը յետաձգուեցաւ, երբ հիւրընկալ կազմին կարգ մը մարզիկներուն մօտ «Քորոնա» ժահրին գծով կատարուած քննութիւնները տուին դրական...

Ճատրակ.  Սարգսեան Եւ Մարտիրոսեան` Համաշխարհային  Ուսանողական Առցանց  Ախոյեանութիւններու Տիտղոսակիրներ

Ճատրակ. Սարգսեան Եւ Մարտիրոսեան` Համաշխարհային Ուսանողական Առցանց Ախոյեանութիւններու Տիտղոսակիրներ

Հայաստանը ներկայացնող Հայկ Մարտիրոսեան եւ Աննա Սարգսեան հանդիսացան կայծակնային ճատրակի համաշխարհային ուսանողական առաջին առցանց ախոյեանութիւններու տիտղոսակիրներ: Աղջկանց մրցումներուն, Սարգսեան յաջողեցաւ առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովել 6 կէտ, մինչ տղոց մրցումներուն, Մարտիրոսեան առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովեց 5,5 կէտ եւ մնաց անպարտելի: Մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի 2021-ի ախոյեան Յովհաննէս Գաբուզեան, որ բաւարարուեցաւ 6-րդ դիրքով: 20-21 մարտին տեղի կ՛ունենայ արագ ճատրակի ուսանողական...

Գեղասահք.  Սլաւիկ Հայրապետեան Սկսաւ  Նախապատրաստուիլ  Աշխարհի Ախոյեանութեան

Գեղասահք. Սլաւիկ Հայրապետեան Սկսաւ Նախապատրաստուիլ Աշխարհի Ախոյեանութեան

Հայաստանի գեղասահքի տղոց հաւաքականի անդամ Սլաւիկ Հայրապետեան վերսկսաւ իր նախապատրաստութիւնը` աշխարհի վարկանշային ախոյեանութեան: Հայրապետեան իր վերջին նախապատրաստութիւնները կը կատարէ Երեւանի մէջ` անձնական մարզիչ Սամուէլ Հայրապետեանի գլխաւորութեամբ: Ան նշեց, որ շուրջ տարիէ մը ի վեր հեռու է փորձերէն: Բայց հակառակ ատոր, լաւ մարզավիճակով կը մօտենայ աշխարհի ախոյեանութեան` օգտուելով իր հօրը` Սամուէլի կատարած ցուցմունքներէն: Սլաւիկ Հայրապետեան գեղասահքի աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին հանդէս պիտի...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Ռէալ Մատրիտ-Լիվըրփուլ Քառորդ  Աւարտականի Տաք Ճակատում

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ռէալ Մատրիտ-Լիվըրփուլ Քառորդ Աւարտականի Տաք Ճակատում

Զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ երէկ` ուրբաթ, 19 մարտին, տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Առաջինին պարագային, զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Ռէալ Մատրիտ եւ Լիվըրփուլ: Պայէրն Միւնիխ իր դէմ պիտի ունենայ Փարիզ Սեն Ժերմենը, Մանչեսթըր Սիթի` Պորուսիա Տորթմունտը, մինչ Փորթօ` Չելսին: Երթի մրցումները պիտի կատարուին 6-7 ապրիլին, իսկ դարձի մրցումները`...

Page 524 of 1279 1 … 523 524 525 … 1,279

Արխիւներ