Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող երկու ֆութպոլիստներու` յետսապահ Մարքինիոսի եւ միջնապահ Անխել Տի Մարիայի ընտանիքները աւազակներու կողմէ յարձակումի ենթարկուեցան, Նանթի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի մրցումին ընթացքին (Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարք):
Կողոպտիչները որոշ ժամանակ մը պատանդ բռնած են անոնց ընտանիքները, ապա զանոնք ազատ արձակելէ ետք կորսուած են անյայտ ուղղութեամբ:
Ֆրանսական ոստիկանութիւնը այս լուրին ի տես շուտով սկսաւ հետաքննութեան: