«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին բոլոր 8 ճակատումները:
Փաուլօ Ֆոնսեքայի գլխաւորած կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, ժամը 19:55-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) հիւրը պիտի ըլլայ ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքին:
Իտալական կազմը երթին իր դաշտին վրայ արձանագրեց 3-0 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը:
Ա. Էս. Ռոմայի կազմէն պիտի բացակայի Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ վիրաւոր է:
Շատ հաւանաբար Մխիթարեան ֆութպոլի դաշտերէն բացակայի 3-4 շաբաթ, հակառակ անոր որ կը խօսուէր 2-3 շաբթուան մը բացակայութեան մը մասին:



