Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արարատ-Արմենիա, որ հիւրընկալեց Չարենցաւանի Վանը, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց նիկերիացի յառաջապահ Եուսուֆ Օթուպանճօ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Արարատ-Արմենիա 14 մրցումէ ապահովելով 25 կէտ, բարձրացաւ երրորդ դիրք: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Արարատ-Երեւան, որ իր կարգին կատարած է 14 մրցում եւ ունի 28 կէտ: Իսկ երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ալաշկերտ(14 մրցում)` 26 կէտով:
Այլ գետնի վրայ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը 3-0 արդիւնքով պարտուած հռչակեց Վանաձորի Լոռին, որ Արարատ-Երեւանի դէմ նկատի առնուած իր մրցումը չկատարեց (18-րդ հանգրուան) եւ մարզադաշտը լքելով հեռացաւ:
Անոր գլխաւոր մարզիչը` Ալպերթ Սոլոմոնով կախակայուեցաւ մինչեւ 15 մայիս, իսկ Վանաձորի ֆութպոլի ակադեմիան 3 միլիոն հայկական դրամ տուգանքի ենթարկուեցաւ: