Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի, Նիւ Ճերզի Նեթցի եւ Տալաս Մավըրիքսի նախկին պասքեթպոլիստ Շոն Պրետլի անդամալոյծ դարձաւ ողնահարի վնասուածքի պատճառով, այս մասին յայտնեց Տալասի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախորդ 20 յունուարին 48 տարեկան ամերիկացիին ինքնաշարժ մը հարուածեց, մինչ ան հեծանիւ կը քշէր: Ան վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք վերականգնողական փուլ մը կ՛անցընէր վերջին 8 շաբաթներուն ընթացքին:
Շոն Պրետլի «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պատմութեան ամէնէն բարձրահասակ պասքեթպոլիստներէն մէկն է: Անոր հասակը 2,29 մեթր է:
Ան «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած է 12 տարեշրջան, միջին հաշուով, իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին նշանակելով 8,1 կէտ:



