«Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի արագ ճատրակի «Մակնուս Քարլսըն Ինվիթէյշընըլ» մրցաշարքին քառորդ աւարտական հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին երկրորդ օրը, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան դարձեալ պարտուեցաւ աշխարհի գործող նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսընէն, այս անգամ` 2-1 արդիւնքով:
Արոնեան, որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն առաջին օրը նոյն իր մրցակիցէն պարտուած էր 2,5-0,5 արդիւնքով, այսպիսով հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:
Կիսաւարտականի մրցումներուն, Քարլսըն իր դէմ պիտի ունենայ ռուս Իան Նեփոմնիաչին: