
Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի ազատ ոճի Եւրոպայի ցամաքամասի ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ) երէկ ապահովեց ողիմպիական խաղերու իր տոմսը` կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք ուքրանացի Անտրէյ Եացենքոյի դէմ:
21 տարեկան հայրենի ըմբիշին այժմ կը մնայ տիրանալ նաեւ ոսկի մետալին:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մենամարտին, 2019-ին Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Յարութիւնեան 10-2 արդիւնքով յաղթեց Ուլատզիսլաու Անտրէյէուին (Պիելոռուսիա), իսկ քառորդ աւարտականին` վրացի Պեքա Պուճիաշվիլիին (10-5):
Իր կարգին, Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերու իր տոմսը ապահովեց Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), որ կիսաւարտականին 4-2 արդիւնքով յաղթեց Լեհաստանը ներկայացնող 33 տարեկան Մոհամետմուրատ Հաճիեւին, որ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան է (2016 եւ 2020):
Աւարտականին Թեւանեան այսօր պիտի մրցի Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան ազրպէյճանցի Հաճի Ալիեւի դէմ: