Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ կազմակերպութիւնը այս տարի եւս աջակցեցաւ հաշմանդամութիւն ունեցող համակիրներու` ֆութպոլին մէջ ներգրաւածութեան ապահովման ծրագիրին (Քաֆէ Ուիք օֆ էքշըն 2020) «Ամբողջական հասանելիութեան» կարգախօսով:
«Քաֆէ»-ի տեսլականն է նպաստել անոնց առաւելագոյն չափով` նկատի ունենալով, որ ամբողջ աշխարհի տարածքին կ՛ապրի աւելի քան մէկ միլիառ հաշմանդամ, այսինքն` աշխարհի բնակչութեան 15 տոկոսը:
Այս տարի այս ծրագիրը իրագործուեցաւ 5-15 մարտին:
Անոր իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին բարձրագոյն դասակարգի ակումբները, որոնք իրենց կատարած մրցումներուն հրաւիրեցին (ախոյեանութիւն եւ բաժակի մրցաշարք) հաշմանդամութիւն ունեցող համակիրներ` անոնց նուիրելով մարզաշապիկներ եւ խմբային լուսանկար նկարուելով:
Ֆետերասիոնը այդ համակիրներուն շնորհակալութիւն յայտնեց եւ քաջալերեց անոնց նուիրուածութիւնը: