Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականը, Յովհաննէս Դաւթեանի գլխաւորութեամբ, յատուկ հաւաք մը կը կատարէ Վլատիքաւքազի մէջ (Ռուսիա):
Թէեւ հաւաքը պիտի աւարտի 27 մարտին, սակայն Ֆերտինանտ Կարապետեան (73 քկ) իր մարզիչին հետ պիտի մեկնի Թիֆլիս (Վրաստան), ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին:
Այժմ Կարապետեան ունի 1552 վարկանշային կէտ եւ իր դասակարգին մէջ կը գրաւէ դասաւորման 38-րդ դիրքը: